ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՄԻՆԷ ՍԻՆԱՊԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ

Արմինէ Սինապեան

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Ռոթերտամի մէջ աւարտեցան Եւրոպայի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները:

64 քկ դասակարգին մէջ Արմինէ Սինապեան յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ աւարտական հանգրուան, սակայն 10-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր թուրք մրցակիցէն` Կիւլզում Թաթարէն, բաւականացաւ արծաթ մետալով, այսպիսով հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան:

Շուէտի մէջ բնակող, սակայն ծնունդով երեւանցի 26 տարեկան Սինապեանի տիրացած արծաթ մետալը միակն էր Հայաստանի հաւաքականին համար, որ Հոլանտա մեկնած էր չորս մարզիկով: Հայկուհի Նահապետեան, Կարինէ Գէորգեան եւ Աշխէն Սիմոնեան առաջին իսկ հանգրուանէն դուրս մնացած էին:

Մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Ռուսիա, որ 10 դասակարգի մրցումներուն, տիրացաւ 4 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալի: 2 ոսկի մետալի տիրանալով` Թուրքիա գրաւեց 2-րդ դիրքը, իսկ Անգլիա` 3-րդ դիրքը (1 ոսկի եւ 1 արծաթ):

Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց 7-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES