«ՆԱՅՔԻ»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՎԱԶԷ՛ ՊԷՅՐՈՒԹ» ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ. ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

Լեւոն Թաշճեան

Կազմակերպութեամբ «Նայքի» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը` «Վազէ՛ Պէյրութ» խորագիրին տակ, որուն երկարութիւնն էր 5 քմ:

Աւելի քան 4 հազար երկսեռ վազողներ` տարբեր դասակարգերու մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերին վազքի այս մրցումին, որ սկսաւ «Պիել»ի մօտէն` ուղղուելով դէպի Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, ապա վերադառնալով սկիզբի վայրը, ուր անիկա աւարտեցաւ:

Վազքի այս մրցումը տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու հսկողութեամբ, որոնք լիբանանեան քայլերգը հնչեցնելէ բացի ձիերով առաջնորդեցին մարզիկները:

Վազքի մրցումին սկիզբը

Վազքի մրցումի սկիզբին ներկայ էին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի ներկայացուցիչը` Հիւսէյն Խաշֆէ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի գանձապահ Ֆետի Սալամէ եւ այլ անդամներ, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մայ Խալիլ, այլ պատասխանատուներ եւ հովանաւոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:

ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան (Այնճարէն), որ դարձեալ ներկայ էր վազքի այս մրցումին, իր տարիքային դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 22 վայրկեան եւ 15 երկվայրկեան արդիւնք մը:

«Վազէ՛ Պէյրութ» վազքի այս մրցումին մրցանակաբաշխութենէն ետք տեղի ունեցաւ երգահանդէս, պար եւ հիւրասիրութիւն` տօնական եւ անմոռանալի մթնոլորտ պարգեւելով անոր մասնակցողներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES