ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ (16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ) ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ երէկ Լիբանանի ազգային խումբը 70-61 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թայփէէն, սակայն ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Այսօր` երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ հանգիստի օր է:
Վաղը` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Լիբանան պիտի մրցի Ֆիլիփեան կղզիներ- Ճափոն մրցումին պարտուող խումբին դէմ:
Վիեթնամ գտնուող լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ֆետի Մահֆուզ ֆետերասիոնին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ մարզիկները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն, որպէսզի շրջանցեն քառորդ աւարտականի իրենց մրցակիցը` նկատի ունենալով, որ անոնց տրամադրութիւնը ներկայիս բաւական բարձր է:
Կիսաւարտականի տոմս մը ապահովելու պարագային, Լիբանան մեծ իրագործում մը կատարած պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ Թայփէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Լիբանանի մարզիչ Ճօ Մաժահեզ իր հիմնական մարզիկները դաշտ չներկայացուց:

