50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՄԵՆՏԵՐԵՍԻ ՎՐԷԺԸ

Թուրքիոյ մէջ բանակը իր կամքը պարտադրեց քաղաքական կուսակցութիւններուն, որոնք ստիպողաբար տեղի տուին զօր. Կիւրսելի եւ Ազգային միասնականութեան կոմիտէի վերջնագրին առջեւ:

Այսպիսով, բոլորովին աւելորդ դարձաւ ընտրութիւն մը, որուն պայքարը մղուեցաւ անսովոր պայմաններու ներքեւ եւ տուաւ նոյնքան անսովոր արդիւնք մը:

Անցեալ տարուան մայիսի 27-էն ի վեր Անգարայի յեղափոխական վարիչները ամէն ջանք թափեցին, որպէսզի երկրին մէջ ստեղծեն միասնականութիւն մը իրենց շուրջ: Ծայրայեղական տարրերը հեռացուեցան Միասնականութեան կոմիտէէն, եւ խոստացուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ` ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ:

Ընտրապայքարի ամբողջ տեւողութեան իշխանութիւնները նպաստեցին կուսակցութեան մը` ի վնաս միւսներուն, եւ այդ նպաստը պատճառ դարձաւ, որ ժողովրդային գետնի վրայ Հալք կուսակցութիւնը մեծ կորուստ մը արձանագրէ: Իրականութեան մէջ ընտրական օրէնքը մշակուած էր այնպիսի ձեւով մը, որ ընտրութիւնները համեմատական դրութիւն մը ստանային եւ կարելի կ՛ըլլար հաւասարակշռութիւն պահել կուսակցութիւններու միջեւ:

Ընտրական արդիւնքներու պատկերը այնպէս ցոյց կու տայ, թէ Ընտրական գերագոյն յանձնախումբը բաւական տառապած է անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւնը ստեղծելու համար: Այնպէս որ, կուսակցութիւններէն ոչ մէկը պիտի կրնար առանձինն դահլիճ կազմել, ու նաեւ գաղափարակից կուսակցութիւններ եւս (այս պարագային` Ատելեթ եւ Նոր Թուրքիա) պիտի չկրնային միանալ ընդդէմ միւս ճակատին:

Այս պայմաններուն տակ բանակը դարձեալ կը ստանձնէր գերագոյն իրաւարարի դերը` իր կամքը պարտադրելով քաղաքական կուսակցութիւններուն:

Այս կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւնները չկրցան լուծել այն տագնապը, որուն մէջ ինկած է Աթաթիւրքի երկիրը երկու տարիէ ի վեր:

Եասը Ատայի վճիռները եւ գործադրուած մահապատիժները արդէն ցոյց տուած էին իշխանութիւններուն տկարութիւնը: Հիմա «ժողովրդավարական» եւ «ազատ» ընտրութիւններու արդիւնքներն ալ չէզոքացնելու բանակին միջամտութիւնը կու գայ վերջնականապէս ստորագրել զօր. Կիւրսելի եւ իր գործակիցներուն պարտութիւնը:

Ժողովրդավարութեան քողին տակ զինուորական բռնատիրութիւն մը կը հաստատուի Թուրքիոյ մէջ` իրեն հետ բերելով իր կառուցուածքին համապատասխան բոլոր անպատեհութիւններն ու դժուարութիւնները:

Աչք մը պտտցնելով թրքական թերթերուն վրայ` առաջին իսկ ակնարկով կը տեսնուի այն յուսահատութիւնը, որ կը տիրէ ամէնուրեք: Մայիս 27-ի շարժումը չկրցաւ վերականգնել երկիրը, որ այսօր կատարեալ անորոշութեան մէջ կը գտնուի: Կեղծ ժողովրդավարութեան մը քողին տակ կիրարկուող զինուորական բռնատիրութիւնը դժուար թէ կարենայ Թուրքիան դուրս բերել այն անելէն, որուն մէջ ան ինկած է:

Դժգոհ են բոլոր հոսանքները: Հալք իշխանութիւններու կողմէ վայելած նպաստը իր պարտութեան պատճառ կը նկատէ: Դժգոհ է Ատելեթ, որ բնականոն պայմաններու ներքեւ պէտք էր շահած ըլլար ընտրութիւնները: Դժգոհ է մասնաւորաբար ժողովուրդը, որ այսօրուան աննախանձելի վիճակին մէջ արդարացում մը չի գտներ Եասը Ատայի կախաղաններուն համար:

Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, երբ Ատելեթի յաղթանակը կ՛ուրուագծուէր, միջազգային մամուլը խօսեցաւ Մենտերեսի յետմահու յաղթանակին մասին:

Հիմա նոյն մամուլը կրնայ Թուրքիոյ այս ողբալի կացութեան առջեւ մտածել Մենտերեսի յետմահու վրէժի մասին:

Share this Article
CATEGORIES