ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԿԱՐՍ` ԱՆԱՌԻԿ ԲԵՐԴԱՔԱՂԱՔ ԵՒ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ
Կարս, Այրարատեան նահանգի անառիկ բերդաքաղաքներէն, Վանանդի իշխանութեան կեդրոնը եւ Հայաստանի ու այնուհետեւ ալ Կարսի թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղաւ: Սելճուքներ եւ հետագային ալ մոնկոլներ եւ Լենկթիմուրի բանակները գրաւեցին զայն:
ԿԱՐՍԻ ՍԱՐԱՀԱՐԹԸ
Կարսի սարահարթը կ՛ընդգրկէ Այրարատեան նահանգին Վանանդ եւ Արշարունիք գաւառները եւ յարակից գօտին, Կարս գետի աւազանը. հիւսիսը Չըլտըրի լեռներն են, արեւմուտքը` Սողանլուի լեռները, հարաւը` Արաքս գետը, իսկ արեւելքը` Ախուրեանի հովիտը: Բարձրութիւնը 1650-էն 1850 մեթր է: Կեդրոնական գօտին աւելի բարձրադիր է, ուր կը գտնուին Ալաճա` 2693 մեթր եւ Եաղլըճա` 2966 մեթր բարձրութեամբ եւ այլ յանգած հրաբուխներ:
Սարահարթին արեւմտեան կողմը կ՛ոռոգուի Կարս գետի վտակներով, որոնք տեղ-տեղ անդնդախոր ձորերու մէջէն կը հոսին: Գարնան ձիւնհալին շրջանը մեծ մասամբ ճախճախուտներու կը վերածուի:
Սարահարթին արեւելեան կողմը Ախուրեանի վտակ Կարս գետով երկու մասի կը բաժնուի: Գետին ձախ կողմի դաշտերը կ՛ոռոգուին Չըլտըրի լեռներէն սկիզբ առնող գետերով ու գետակներով: Շրջանին հողը բարեբեր է եւ կան հարուստ մարգագետիններ: Կան նաեւ ընդարձակ ճախճախուտներ: Իսկ Կարս գետին աջ կողմը չոր եւ քարքարուտ շրջան է: Մակերեւոյթը ձորերով կտրատուած է. այդ ձորերէն ժամանակաւոր գետակներ կը հոսին, որոնք կը ցամքին ամրան:
Ալաճա լերան շրջակայքը լաւային արտահոսումներէ ձեւաւորուած քարաբեկորներով ծածկուած է եւ բաւական մռայլ տեսք ունի:
Սարահարթին տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած են խոտառատ արօտավայրերն ու արգաւանդ արտերը:
Կարսի սարահարթին կլիման խիստ ցամաքային է. ձմեռը` երկարատեւ, սաստիկ ցուրտ եւ պարզկայ, յաճախակի են սառնամանիքները եւ ջերմաստիճանը մինչեւ զերոյէն վար 35 կ՛իջնէ: Ամառը` կարճատեւ, չոր եւ զով. միջին ջերմաստիճանը` 12-էն 16: Տարեկան տեղումներ` 400-էն 500 միլիմեթր:
Սարահարթին բուսականութիւնը ընդհանուր առմամբ տափաստանային է, եւ բարձրութեան համեմատ կը փոխուի լեռնային մարգագետիններու: Արեւմտեան կողմը, Սողանլուի լեռներուն շրջանը խիտ անտառներով ծածկուած է:
Երկրագործականօրէն հարուստ գօտիներուն մէջ կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն եւ գարի: Խոտառատ արօտավայրերուն շնորհիւ զարգացած է անասնապահութիւնը:
Ծովակ կամ Չըլտըր լիճը, 1990 մեթր բարձրութեան վրայ, հարուստ է ձուկերով:
ԿԱՐՍ
Կարս կը գտնուի Կարս գետի աջ ափին, 1768 մեթր բարձրութեան վրայ, Կարսի սարահարթին կեդրոնական գօտիին մէջ, եւ պատմական բերդաքաղաք է:
Կարս կը տարածուի ժայռաբլուրի մը ստորոտը. անոր առջեւէն կ՛անցնի Կարս գետը, որ քաղաքը երեք կողմէն դժուարամատչելի կը դարձնէ: Արեւելեան եւ հարաւային կողմերը բերդին հզօր պարիսպներով եւ մեծղի աշտարակներով պաշտպանուած են: Բուն բերդաքաղաքը հազար մեթր երկարութիւն եւ 500 մեթր լայնութիւն ունի: Քաղաքին կրկին պարիսպներուն լայնքը մէկուկէս մեթրի կը հասնի, իսկ բարձրութիւնը` 15 մեթրի, որոնք հրաբխային տաշուած քարերով շինուած են: Բերդը անցեալին 220 աշտարակներ ունէր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տասը մեթր լայնութիւն ունէր. այդ աշտարակներէն եօթն մնացած են:
Միջնաբերդը, 1,7 հեկտար տարածութեամբ, կը գտնուի քաղաքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, բարձր եւ անառիկ ժայռի կատարին, կրկին պարիսպներով ամրացուած, եւ չորս կողմէն Կարս գետի անդունդներէն բարձրացող անմատչելի ժայռերով պաշտպանուած է: Գետին վրայ քարաշէն երեք կամուրջներ կան, որոնցմէ մէկը շատ հին է, երեք կամարներով: Միջնաբերդին հարաւ-արեւելեան կողերուն վրայ ալ խոր եւ լայն խրամներ կան:
Արուարձանները տարածուած են միջնաբերդին հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը: Օրթա Թափու թաղամասը տարածուած է հարաւային կողմը, Պէյրան փաշա թաղամասը` արեւելեան կողմը եւ Սու Գափու թաղամասը` արեւմտեան կողմը:
Սու Գափու թաղամասը հայոց թաղամասն էր. քաղաքին բնակիչները հոնկէ կ՛իջնէին դէպի գետ ջուր առնելու համար:
Քաղաքին արեւմտեան կողմը կը բարձրանայ Գարա տաղ ժայռոտ լեռը. հիւսիսային կողմը Չաքմաք քարաբլուրն է. արեւմտեան կողմը` Շոքարա բլուրները, իսկ հարաւը` Տիք Թեփէի բարձունքն է:
Կարսի բազմայարկ պալատը կը գտնուէր միջնաբերդի բարձրադիր` հիւսիս-արեւմտեան կողմը եւ աւերուեցաւ 1829-ին:
Բուն քաղաքը 32 հեկտար տարածութիւն ունի: Անցեալին, պարիսպները ջուրով լեցուն խանտակներով ու արհեստական լիճերով շրջապատուած էին, որոնք աւելի անմատչելի կը դարձնէին քաղաքը: Հին քաղաքին փողոցները նեղ են եւ դարձդարձիկ, հրապարակները` փոքր: Բնակարանները` երկյարկ եւ երբեմն ալ եռայարկ:
ՎԱՆԱՆԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Կարս պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն Վանանդ գաւառի գլխաւոր բերդերէն եղած է եւ քաղաքին հնագոյն ամրութիւնը հաւանաբար ուրարտական ժամանակաշրջանին կառուցուած է:
Կարսի տէրերը Վանանդի իշխաններն էին, որոնք գահնամակին մէջ տասնչորրորդ տեղը կը գրաւէին եւ երկու ճիւղերու բաժնուած էին: Տիրան Բ. թագաւորին ժամանակ յիշուած են Վորոթ եւ Արտաւան Վանանդեցի իշխանները, իսկ Վարդանանց պատերազմին ժամանակ` Թաթուլ Վանանդեցի իշխանը: Աւելի ուշ յիշուած է Զիկ Վանանդեցի, իսկ 554-ի Դուինի ժողովին` Աստուածատուր Վանանդեցի: Ը. դարու կէսերուն յիշուած է Վահան Վանանդեցի, իսկ Թ. դարու վերջաւորութեան` Սահակ Վանանդեցի: Այնուհետեւ Վանանդ գաւառը Բագրատունիներու տոհմին ժառանգական տիրոյթը դարձաւ:
ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
ԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐՍ
Բագրատունեաց թագաւորութեան կազմաւորումէն ետք Աշոտ Ա. թագաւորին եղբայրը` Աբաս սպարապետ Կարսի մէջ բնակութիւն հաստատեց, իսկ Սմբատ Ա. թագաւորին օրով իշխանութիւն հաստատեց: Վրացիք պարբերաբար յարձակումներ կազմակերպեցին Կարսի վրայ, մինչեւ որ յարմար առիթով մը Աբաս բռնեց վրաց Ատրներսեհ իշխանը եւ շղթայակապ Կարսի միջնաբերդին մէջ բանտարկեց զայն: Սմբատ Ա. թագաւոր, մտահոգ` Աբասի զօրացումէն եւ ինքնիշխան գոյավիճակէն, սպառնաց ազատ արձակել Ատրներսեհը. Աբաս անտեսեց եւ Սմբատ պաշարեց Կարսը, բայց անկարող զայն գրաւելու խաղաղութեան դաշինք կնքեց եւ հաշտուեցաւ իր հօրեղբօր հետ: Աբաս մահացաւ 902-ին եւ Կարս իր շրջակայքով արքունի կալուած դարձաւ:
Աֆշինի արշաւանքին ժամանակ Սմբատ Ա. Կարսի բերդին մէջ պատսպարեց թագուհին եւ ազնուական կիները, բերդին պահապան դնելով Հասան Գնունին: Հոն պահուեցաւ նաեւ արքունական գանձը:
Հասան Գնունի, տեսնելով որ պիտի չկարենայ երկար դիմադրել, խաղաղութեան պայմաններ առաջարկեց Աֆշինի եւ բացաւ բերդին դուռերը: Աֆշին բոլոր գերեվարուածները հետը Դուին տարաւ: Յետոյ Սմբատ Ա. փրկագին վճարելով ազատեց թագուհին եւ միւս կիները:
Սմբատ Ա.ի յաջորդեց անդրանիկ որդին` Աշոտ Բ. Երկաթ, որուն մահէն ետք, 923-ին գահ բարձրացաւ եղբայրը` Աբաս Ա.:
Աբաս Ա. Կարսը դարձուց թագաւորանիստ մայրաքաղաք, ամրացուց միջնաբերը եւ 930-940-ին կառուցեց Կարսի Առաքելոց եկեղեցին: Ան խաղաղութեան դաշինք կնքեց Աֆշինի եւ Դուինի ոստիկանին հետ եւ դիմագրաւեց աբխազներու Բէր թագաւորին յարձակումը, որ Կարսի վրայ կու գար Առաքելոց եկեղեցին քաղկեդոնական ծէսով օծելու:
ԿԱՐՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւոր 961-ին մայրաքաղաքը Կարսէն Անի տեղափոխեց. նոյն ժամանակ եղբայրը` Մուշեղ Կարսի մէջ ինքզինք թագաւոր հռչակեց: Ան մահացաւ 984-ին եւ իբրեւ Կարսի թագաւոր անոր յաջորդեց զաւակը` Աբաս Ա.: Աբաս շարք մը բարեկարգութիւններ կատարեց, գողութիւնն ու աւազակութիւնը վերցուց երկրէն եւ Արշարունիքի մէջ կառուցեց Շիրիմ վանքը. սկսաւ գործել նաեւ Թրին կուսանոցը, ուր կրօնաւորուհի էր նաեւ Աբասի մայրը: 988-ին եւ 998-ին Աբաս Ա. մասնակցեցաւ Մամլան ամիրային դէմ զօրահաւաքներուն, իսկ 1000-ին հանդիպում ունեցաւ Բիւզանդիոնի Վասիլ Բ. կայսեր հետ:
Աբասի յաջորդեց վեցամեայ զաւակը` Գագիկ Ա. Կարսեցի: Կարսի եւ Անիի արքունիքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սրեցան եւ Անիի Գագիկ Ա. շահնշահ գահազրկեց Գագիկ Ա. Կարսեցին եւ փոխարէնը զաւակը` Աբաս Բ. Կարսի թագաւոր հռչակուեցաւ: Անիի անկումէն ետք, 1045-ին, Կարսի թագաւորին անցան շահնշահի եւ Բագրատունի ազգապետի իրաւունքները:
Աբաս Բ. մահացաւ 1049-ին եւ անոր յաջորդեց զաւակը` Գագիկ Բ. Կարսեցի. անոր օրով, 1054-ին սելճուքներ ներխուժեցին Կարսի թագաւորութիւն, բայց Գագիկ Բ.ի եւ Թաթուլ Վանանդեցիի գլխաւորած հայոց զօրքի լուրջ դիմադրութեան հանդիպելով կանգ առին: Այնուհետեւ 1064-ին Ալփասլան հնազանդութիւն պահանջեց եւ թշնամիի աւերածութիւններէն խուսափելու համար Գագիկ Բ. Ալփասլանի դեսպանները ընդունեց սեւեր հագած, իբրեւ սուգի նշան անոր եղբօր` Տուղրիլ բէկի մահուան: Ալփասլան Կարս այցելեց եւ Գագիկ մեծ հիւրասիրութիւն կազմակերպեց անոր ի պատիւ: Բայց սելճուքներու ներխուժման վտանգը միշտ կախուած էր Կարսի վրայ եւ Գագիկ 1065-ին շուրջ 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող թագաւորութիւնը յանձնեց Բիւզանդիոնի Կոստանդին Դուկաս կայսրին եւ փոխարէնը ստացաւ Ծամնդաւ, Լարիսա, Ամասիա, Կոմանա եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր Կապադովկիոյ ու Կիլիկիոյ մէջ: Նշենք, որ ԺԱ. դարուն արտագրուած Կարսի Աւետարանին մէջ նկարուած է Գագիկի ընտանեկան մանրանկարը:
ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կոստանդին Դուկաս կայսր Կարսի եւ Ուխտեաց բերդերուն վերակացու նշանակեց Գրիգոր իշխանը, որ իր կարգին, սելճուքներու յարձակումներէն նեղուելով 1084-ին Կարսը վրաց Գէորգի Բ. թագաւորին յանձնեց: Բայց սելճուքներ, որոնք 1071-ի Մանազկերտի ճակատամարտին պարտութեան մատնած էին բիւզանդական զօրքերը եւ բացած Փոքր Ասիոյ ճամբան, գրաւեցին Կարսը եւ ամիրայութեան կեդրոնի վերածեցին զայն:
Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետը (1166-1173) Խաչատուր եպիսկոպոսը Կարս ուղարկեց շրջաբերական կոնդակով մը, « Յանմատոյց դղեակի եւ հոյակապ քաղաքս Կարս» կոչելով, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այդ ժամանակ Կարս բարգաւաճ եւ խաղաղ քաղաք էր:
Վրաց Թամար թագուհիին օրով, հայ-վրացական միացեալ զօրքերը, Զաքարէ եւ Իվանէ Զաքարեաններու հրամանատարութեան տակ 1206-ին Կարսը ազատագրեցին սելճուքներէն եւ վրաց թագաւորութեան միացուցին:
Մոնկոլներ 1236-ին գրաւեցին եւ կողոպտեցին Կարսը: 1284-ին քաղաքը անցաւ Սադուն Արծրունիի:
Լենկթիմուր 1394-ին պաշարեց Կարսը բայց չյաջողեցաւ գրաւել զայն. պայմաններ դրաւ եւ բերդակալը անձնատուր եղաւ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ






