ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
«ՈՍԿԷ ՇԵՐԵՓ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՇԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ`
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Հայ-ֆրանսական մասնագիտական ուսումնական կենտրոն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, հոկտեմբեր 14-ին վերջինիս կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ շերեփ» հայկական ճաշատեսակներու փառատօնը:
Փառատօնին նպատակն էր հայկական աւանդական ճաշերու պահպանումն ու տարածումը, սփիւռքի մէջ գործող հայկական խոհարարական դպրոցներու եւ խոհարարներու մասնագիտական հմտութիւններու փոխադարձ ճանաչումն ու փոխանակումը, ինչպէս նաեւ` համահայկական խոհարարական ընկերակցութեան հիմնումը:
Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Անգլիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Հայաստանէն խոհարարներ:
Փառատօնի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ճաշի պատրաստութեան մրցում մը, որուն յաղթողներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ:
Փառատօնին մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Հայ խոհարարներու համահայկական համաժողովին եւ կազմեցին Հայ խոհարարներու համահայկական ընկերակցութիւն:
ՎԵՐՋԵՐՍ ԿԱՅԱՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ԿԱՅՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Հոկտեմբեր 18-ին Երեւանի Խնկօ Ապոր գրադարանին մէջ կայացաւ «Արտերիա» մշակութային քննադատական կայքին շնորհահանդէսը:
Կայքի խմբագիրներէն մէկը Մկրտիչ Մաթեւոսեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ սկիզբը նախատեսուած էր «Արտերիա»ն ստեղծել իբրեւ ամսագիր, սակայն «Եւրասիա»ի առաջարկով անիկա դարձած է կայք: Իր կարգին, հիմնադրամի տնօրէն Գէորգ Տէր Գաբրիէլեան աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ տեղեակ չեն, թէ ի՛նչ մշակութային անցուդարձ տեղի կ՛ունենայ երկրին մէջ եւ կայքը կ՛ընծայէ այդ հնարաւորութիւնը:
Կայքը ունի գրականութիւն, կերպարուեստ, ծիծաղ, շարժապատկեր-թատրոն, ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, փիլիսոփայութիւն, վերլուծութիւն, գրախօսութիւն եւ այլ բաժիններ:
Կայքը ստեղծուած է Շուէտի միջազգային զարգացման եւ համագործակցութեան գործակալութեան ՍԻՏԱ եւ «Եւրասիա» համագործակցութիւն հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ Հայ գիրքի կեդրոն մշակութային Հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:
«ՆՌԱՆ ՀԱՏԻԿ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ
ՍԿՍԱՒ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 24-ԻՆ
«Նռան հատիկ» 11-րդ մանկապատանեկան թատերական փառատօնը սկսաւ հոկտեմբեր 24-ին, Մեթրօ թատրոնին Ա. Շիրակացիի անուան ճեմարանին եւ Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրին մէջ: Փառատօնը նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին:
«Նռան հատիկ» 11-րդ մանկապատանեկան փառատօնին մասնակցած են 35 թատերախումբեր` մէկը Թեհրանէն, երեքը Լեռնային Ղարաբաղէն, մէկը Թիֆլիսէն, տասներեքը Հայաստանի մարզերէն եւ տասնեօթը` Երեւանէն:
Այս տարուան փառատօնը կազմակերպած է նախաբեմ կրթամշակութային միութեան հասարակական կազմակերպութիւնը: Նշենք, որ «Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական փառատօնը ընդգրկուած է Հայաստանի կառավարութեան փոքրիկներու հետ տարուող աշխատանքներուն 2004-2012 թուականներու ազգային ծրագիրին մէջ եւ արդէն 7-րդ տարին է, որ կ՛իրականացուի Հայաստանի կառավարութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան բարձր հովանաւորութեան տակ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱԿ-Ի ՕՐՈՒԱՆ
20 հոկտեմբերին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Միաւորուած գոյներ» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր ՄԱԿ-ի օրուան: Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան յայտնի լուսանկարիչ Զաւէն Խաչիկեանի պայծառ եւ գունագեղ լուսանկարները, ինչպէս նաեւ` բացիկներն ու պաստառները, որոնք կը ներկայացնեն հայը իր զանազան յատկութիւններով: Լուսանկարները առնուած են Հայաստանի անկախութեան 20 տարիներու ընթացքին:
ՄԱԿ-ի հանրային տեղեկատուութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Մարիա Տոցենքօն նշած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ է համագործակցիլ անուանի լուսանկարիչ Զաւէն Խաչիկեանին հետ: «Հայկական մշակոյթի եւ արուեստի միջոցով մենք կը փափաքինք հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել ՄԱԿ-ի արժէքներուն եւ սկզբունքներուն խթանման վրայ», հաղորդած է ան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 4 նոյեմբեր:
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 18-ԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՔԵԶ ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Հոկտեմբեր 18-ին Երեւանի Հ. Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մանկական ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Հայրենիք, քեզ այսպէս կը տեսնեմ» խորագիրով մանկական նկարներու մրցոյթին մասնակից սփիւռքահայ փոքրիկներու ներկայացուցած աշխատանքներուն ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան յայտնած է, որ «հայրենիք հրաւիրեցի այս մրցոյթ-ցուցահանդէսի կտաւներուն հեղինակ բոլոր փոքրիկները, որպէսզի անոնք հայրենի հողէն ստացած ուժով եւ տպաւորութիւններով նոր կտաւներ ստեղծեն եւ մանաւանդ հայրենիքը տեսնեն ու գնահատեն իրենց աչքերով», նշած է նախարարը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան այս նախաձեռնութեան արձագանգած են` Միացեալ Նահանգներու, Մակեդոնիոյ, Ռուսիոյ, Ռումանիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Լաթվիոյ հայերը: 15 քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած են գեղանկարներու մրցոյթներ, որուն իբրեւ արդիւնք` 107 նկար ուղարկուած է Հայաստան: Մրցոյթը իրականացուած է տարիքային 3 խումբերու` 6-11, 11-14 եւ 14-17 տարեկան փոքրիկներու եւ պատանիներու միջեւ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան ներկայացուցիչներէն ընտրուած դատական կազմը գնահատած է աշխատանքները եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողներուն մրցանակներ սահմանուած է տարիքային 3 խումբերու մասնակցողներու համեմատ: Գլխաւոր մրցանակին արժանացած է Սիտնիէն 16 տարեկան Ռոզմերի Հալքպլեան իր ուշագրաւ ստեղծագործութեամբ:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած բոլոր նկարներուն հեղինակները պարգեւատրուած են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրով, իսկ մասնակցողներուն համար մրցանակներ սահմանած են` Երեւանի քաղաքապետութիւնը, Կեդրոնական դրամատունը եւ «Արմենթել» ընկերութիւնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ՄԵԾ ԿԱՅՔԸ`
HYLAND.AM-Ը ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾԸ`
«ՈՒՐԻՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ
Վերջերս «Տիճիթեք-2011 Էքսփօ» համահայկական ցուցահանդէսին Hyland.am-ը` ամէնէն մեծ համահայկական ընկերային կայքը ներկայացուց իր նոր նախագիծը` «Ուրիշ Հայաստան» խորագիրով ընկերային-քաղաքական օնլայն խաղը:
«Ուրիշ Հայաստան»ը ուղղուած է օնլայն հասարակութեան ընկերային իրազեկման եւ պատասխանատուութեան բարձրացման համար: Այս խաղը առիթ կ՛ընծայէ ծանօթանալու քաղաքական կարեւորագոյն գործընթացներուն: «Ուրիշ Հայաստան» խորագիրով խաղին մասնակցելով` կարելիութիւն պիտի ունենաս` ազատօրէն արտայայտելու քաղաքական կարծիքներ եւ կոչեր, ստեղծել նախաձեռնող խումբեր, կուսակցութիւններ, հաւաքել համախոհներ, Ազգային ժողովի անդամ ընտրուիլ, մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններու, քննարկումներու, կազմել նախագիծեր, օրէնքներ եւ ներկայացնել զանոնք հանրութեան:
Խաղին կրնան մասնակցիլ` իրական քաղաքական գործիչներ, կուսակցութիւններու, երիտասարդական միաւորումներու, Հայաստանի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, պարզապէս քաղաքականութեամբ հետաքրքրուող ամէն մարդ:
Խաղը կը կրէ հանգրուանային բնոյթ եւ ամէն հանգրուանի աւարտէ ետք շահող օրէնքներն ու նախագիծերը պիտի համախմբուին խաղի կազմակերպիչներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացուին Հայաստանի Ազգային ժողովին, իբրեւ հանրային կոչ:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ
«ՎԱՐԴԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴՊՐՈՑ
ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԳԵՂԻ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ
«Վարդանեաններու ընտանիք» բարեգործական կազմակերպութեան ֆինանսաւորումով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի Գեղի համայնքին մէջ կը կառուցէ դպրոց:
Հիմնադրամը 2009 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան հետ միասին որոշած են Գեղի գիւղին մէջ կառուցել նոր դպրոց, որովհետեւ գործող դպրոցը կը գտնուէր խիստ վատթար վիճակի մէջ եւ կարելի չէր վերականգնել զայն: Երկյարկանի դպրոցը նախատեսուած է 300 աշակերտի համար: Նշենք, որ այսօր գիւղին մէջ հաշուառուած է` 170 աշակերտ:
Շէնքը պիտի ունենայ ժամանակակից դպրոցի համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները` 12 դասարան, ուսուցչարան, տնօրէնի սենեակ, գրադարան, սրահ, մարզասրահ, ճաշարան, ինչպէս նաեւ` ռազմագիտութեան, կենսաբանութեան, քիմիաբանութեան եւ բուժսպասարկման համար յատուկ սենեակներ: Պիտի գործեն ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգեր եւս:
Աւարտած են շէնքին ներքին եւ արտաքին յարդարման աշխատանքները: Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան ֆինանսաւորումով բարեկարգուած է դպրոցին բակը, կառուցուած է խաղավայր եւ ոտնագնդակի դաշտ:
«Հիմնադրամը դպրոցներ բարեկարգած է իր գործունէութեան առաջին իսկ տարիներէն, սակայն դժուար է չնկատել, որ այժմ այս ոլորտներուն մէջ շինարարութեան որակային ցուցանիշները անհամեմատ բարձր են», հաղորդած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: Տնօրէնը յոյս յայտնած է, որ «Վարդանեաններու ընտանիք» կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ կը վստահեցնէ, որ միացեալ ջանքերով կառուցուող այս դպրոցը ուշագրաւ պիտի ըլլայ իր արտաքին կառոյցով եւ յարմարութիւններով:
Յայտնենք, որ «Վարդանեաններու ընտանիք» կազմակերպութիւնը ենթակառուցուածքային զարգացման ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը շրջաններու մէջ: Կազմակերպութիւնը նաեւ կը հովանաւորէ մշակութային եւ ընկերային նախաձեռնութիւններ:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ
ՄԱՇՏՈՑԻ ՍՏԵՂԾԱԾ ԲԱՑԱՌԻԿ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ
«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը Վահան Արծրունիի եւ Յասմիկ Բաղդասարեանի հետ միասին ներկայացուցած են «Մաշտոց. սրբազան մարգարիտներ» խորագիրով նոր ձայնասկաւառակը, որ կ՛ընդգրկէ մեզի հասած Մաշտոցի 11 շարականները: Անիկա «Նարեկացի» արուեստի միութեան հրապարակած թիւով 35-րդ ձայնասկաւառակն է` 3-րդ նմանօրինակ համագործակցութիւնը Վահան Արծրունիի հետ:
Գիրերու գիւտէն բացի, Մաշտոց ձեռնամուխ եղած է եկեղեցւոյ ծիսական արարողութեան կարգին եւ հոգեւոր երգեցողութեան ստեղծման: Ան հեղինակած է մօտաւորապէս 130 չափածոյ գործեր, որոնք կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի հետ դարձուցած են երգի, եւ որոնք զետեղուած են եկեղեցւոյ շարակնոցին մէջ: Մաշտոց-պարթեւեան շարականներու հարուստ ժառանգութիւնը գրեթէ չէ պահպանուած, կան տարբեր աղբիւրներու մէջ պահպանուած 30 վիճելի շարականներ, սակայն այս 11-ին ինքնութիւնը հաւաստի է եւ անվիճելի:
Ներկայացուող նախագիծին մէջ այդ 11 միաձայն շարականները բազմաձայնելով ժամանակակից ձայնագրման եւ արդի արհեստագիտութեան համադրութեամբ Վահան Արծրունի ներկայացուցած է զանոնք հեղինակային մեկնաբանութեամբ: Նախ ձայնագրուած են շարականներու նախատիպային միաձայն բնօրինակները սոփրանօ Յասմիկ Բաղդասարեանի կատարումով, այնուհետեւ անոնք դարձած են հետագայ վերամշակումներու փաստացի աղբիւրը:
Նշենք, որ ձայնասկաւառակը կ՛ընդգրկէ 22 ստեղծագործութիւն` շարականներու կանոնիկ` միաձայն կատարումով եւ բազմաձայն արծրունիական վերընթերցումով:
ՀԱՅՐԵՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԵՆ
«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան փոխադարձ գործակցութեան յուշագիր ստորագրած է Երեւանը եւ մարզերը ներկայացնող կրթական 4 հաստատութիւններու` Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ հասարակական կազմակերպութեան, Այ. Էյ. Պի. կեդրոնին, Հաշուապահութեան ուսուցման միջազգային կեդրոնին եւ Գիւմրիի Մ. Նալբանդեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկին հետ: Ստորագրուած փոխադարձ գործակցութեան յուշագիրի շրջանակներուն մէջ չորս համալսարաններու ուսանողները արտադրական եւ աւարտական տարուան գործնական հանգրուանը պիտի իրականացնեն «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի մէջ: Ընկերութեան աշխատակիցները պիտի կազմակերպեն անոնց մասնագիտական առարկաներու դասաւանդումը, պիտի իրականացնեն միացեալ գիտահետազօտական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին ուսանողներու վկայականներու աշխատանքներուն եւ մագիստրոսական թեզերու ղեկավարման:
Ուսանողները փորձառութիւն պիտի ունենան իրաւագիտութեան, հաշուապահութեան, շուկայադրման եւ վաճառքի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, բաժանորդներու սպասարկման եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ուսանողները իրենց գործնական փորձառութեան հանգրուանին պիտի ստանան աշխատավարձ: Աւելի քան երեք տարիէ եւ մինչեւ օրս Ռալֆ Եիրիկեան այցելութիւններ կու տայ Հայաստանի զանազան համալսարաններ, ուր հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով, որոնց ընդմէջէն ան ուսանողներուն կը ներկայացնէ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի կառավարման մշակոյթը, առեւտուրի զարգացման ռազմավարութիւնը, ցանցի արհեստագիտական զարգացումը, շուկայադրման ռազմավարութիւնը եւ ընկերութեան զանազան փորձառութիւնները` տարբեր ոլորտներու մէջ:
Առեւտուրի եւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջեւ շարունակական կապ հաստատելու նպատակով «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը նախաձեռնած է նաեւ ասպարէզի զարգացման ծրագիրը: «Այս ծրագիրի ծիրին մէջ կը համագործակցինք նաեւ մարզային համալսարաններու եւ կրթական հիմնարկներու հետ: Մեր աշխատակիցները կը դասաւանդեն տարբեր համալսարաններու մէջ: Ապագային ասիկա պիտի օգնէ բաւարարելու աշխատանքի շուկային մէջ առկայ պահանջարկը, իսկ հայաստանցի երիտասարդներուն պիտի օգնէ շարունակել ապրելու եւ աշխատելու Հայաստանի մէջ: Այս համաձայնագիրը ամէնէն աւելի ուսանողներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աշխատանքի շուկային մէջ դառնալու առաւել մրցունակ իրենց ոլորտին մէջ», նշած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՆԳԱՍԱՐԵԱՆԻ
«ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ»Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՄՈՂ
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
«Ռուբէն Մանգասարեան Մեմորիալ» հիմնադրամը, հոկտեմբեր 13-ին տուաւ իր «Անկախութեան ճանապարհին» լուսանկարչութեան յետահայեաց ցուցահանդէսին նախորդող մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին, նոյն հիմնադրամի հիմնադիր անդամ եւ Ռուբէն Մանգասարեանի եղբայրը` Տիգրան Մանգասարեան, նշեց, թէ ասիկա լուսանկարիչին յետմահու երրորդ ցուցահանդէսն է, սակայն` ամէնէն նշանակալին. «Նա այդ տարիներին սկսեց ոչ թէ ստեղծագործել, այլ բառացիօրէն ապրել Ղարաբաղում եւ այդ լուսանկարներով»: Տ. Մանգասարեանի խօսքերով, լուսանկարներուն թիւը ահռելի է եւ ընտրութիւնը կատարուած է դժուարութեամբ. «Ի վերջոյ հիմնադրամը կատարեց ընտրութիւնը եւ ցուցահանդէսին ներկայացուելու է 64 լուսանկար»:
Ասուլիսին ներկայ լրագրող Մարկ Գրիգորեան յուզումով ու հպարտութեամբ յիշեց իր եւ Ռուբէնի համատեղ աշխատանքի տարիները. «Ես տեսել եմ, թէ ինչպէ՛ս են ծնուել այս նկարները», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ լուսանկարչութիւնը Ռուբէնի համար մարդոց հետ շփում էր:
«Հիմնադրամի առաջիկայ ծրագրերում գրքի տպագրութիւնն է», յայտնեց լուսանկարիչ-լրագրող Իննա Մխիթարեան: Իսկ մինչ այդ, վաճառքի վրայ պիտի ըլլան 12 բացիկներէ կազմուած խորհրդանշական փաթեթներ, որոնց միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ ծանօթանալ Ռ. Մանգասարեան արուեստագէտին: Նշենք, որ հոկտեմբեր 14-ին կը կայանայ «Անկախութեան ճանապարհին» լուսանկարներու յետահայեաց ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ ամիս, ապա պիտի տեղափոխուի Արցախ:
Ռուբէն Մանգասարեանի տեսախցիկը վկայ դարձաւ ցնցող ու աղէտալի հետեւանքներ ունեցող իրադարձութիւններու. նախ` 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը, ապա` արցախեան պատերազմը:
Մանգասարեանի լուսանկարները կ՛ուրուագծէին այդ պատմական տեսարանները, որոնք կ՛ողողէին մամուլն ու ցուցահանդէսները:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ


