ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ ՖՈՆՏ. ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ

Կեանք մը փրկենք ֆոնտը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ հայ ընտանիք մը իր մօր տարեդարձին առիթով կայացած հաւաքոյթին փոխան նուէրներու երեք հազար ամերիկեան տոլար (3000) հաւաքած է` յատկացնելու համար գաղութիս հայորդիներուն կեանքերը փրկելու եւ անոնց օգտակար դառնալու նպատակով գործող կառոյցներուն:

Մեր խորին շնորհակալութիւններն ու բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք այս օրինակելի ընտանիքին բոլոր անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն, որոնք կը հաւատան «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»ի առաքելութեան:

Տիկին Վարդուհի Տեկիրմենճեան 300$, տէր եւ տիկին Վաչէ Կէօզիւպէօյիւքեան 300$, ազգային մը 200$, տէր եւ տիկին Արթին Պուչիքճեան 200$, ազգային մը 200$, Արեգ Կէօզիւպէօյիւքեան 200$, փոքրիկներ Վարագ եւ Լարիս Կէօզիւպէօյիւքեան 200$, ազգային մը 150$, տէր եւ տիկին Յարութ Մարկարոսեան 100$,  տէր եւ տիկին Տիգրան Մկրտիչեան 100$, ազգային մը 100$, տիկին Նելլի Աղասարգիսեան 50$, ազգային մը 50$, տէր եւ տիկին Ռազմիկ Յակոբեան 400,000 լ.ո., փոքրիկն Նարեկ Յակոբեան 300,000 լ.ո., Մելքոն Յակոբեան 200,000 լ.ո., ազգային մը 200,000 լ.ո., Վարանդ Ալեքսանդրեան 100,000 լ.ո., Նատիա Ալհաժ 75,000 լ.ո.:

 

 

Share this Article
CATEGORIES