ԺԱՌԱՆԳԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ, ԵՐԲ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ 100-ԱՄԵԱԿԸ
Քսաներորդ դարու ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը Չինաստանի վերջին կայսերական տոհմին` Քինկի տապալումն ու Չինաստանի Հանրապետութեան (ՉՀ) հիմնադրութիւնն է:
Բայց չինացի ժողովուրդը արդի, ժամանակակից դարաշրջան առաջնորդած եւ 2000 տարուան կայսերական իշխանութեան վերջ տուած Զինհայի յեղափոխութենէն 10 հոկտեմբեր 1911-ին ծագած ապստամբութեան 100-ամեակին` Չինաստանի Հանրապետութիւնը հազուադէպօրէն կը նշուի, բացի Թայուանի մէջ:
Իսկ Չինաստանի մէջ տարեդարձը կը նշուի հիմնականին մէջ պաշտօնական գործունէութիւններով, որոնք ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն յեղափոխութեան եւ Սուն Եաթ-Սենի վրայ, որ ներշնչեց ատիկա, այլ ոչ թէ` հանրապետութեան հիմնադրման կամ Սունի ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն:
Ատիկա այդպէս է, որովհետեւ Համայնավար կուսակցութիւնը, որ ոչ մէկ կապ ունէր յեղափոխութեան հետ, չ՛ուզեր շատ արժեւորել Չինաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր հիմնադիրները` ազգայնականները (կամ` Քուօմինթենկ):
Երկու կողմերը հետագային արիւնալի քաղաքացիական պատերազմ մը մղեցին, որ վերջ գտաւ 1940-ականներու վերջաւորութեան Քուօմինթենկի Թայուան փախուստով եւ այնտեղ հանրապետութիւնը վերահաստատելով:
Բայց Թայուանի մէջ կառավարութիւնը, զոր ներկայիս կը գլխաւորէ Քուօմինթենկը, ոչ մէկ ջանք կը խնայէ աշխարհին յիշեցնելու համար հանրապետութեան ծննդեան 100-ամեակը:
«Ատիկա Չինաստանի 5 հազարամեայ պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ իրադարձութիւնն է եւ հիմնական փոփոխութիւն մը` քաղաքական համակարգին մէջ, որ Ասիոյ մէջ առաջին հանրապետութիւնը հիմնեց», ըսաւ Քուօմինթենկի պատմական արխիւներու տնօրէն Շաօ Մինկ-Հանկ:
«Ատիկա Ասիոյ մէջ ապստամբութեան հունտերը սերմանեց` ընդդէմ օտար ուժերու վերահսկողութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պատճառներէն մէկը, որ Սուն Եաթ-Սեն ուզեց տապալել Քինկը, այն էր, որ այդ տոհմը շատ տկար էր պաշտպանուելու համար օտար ներխուժումներէ»:
Կղզիին վրայ, տարեդարձը նշուեցաւ մեծ աղմուկով: Կեդրոնական Թայուանի եւ այլ վայրերու, ներառեալ Թայփէի մէջ հրավառութիւնները լուսաւորեցին երկինքը:
Բազմաթիւ քաղաքայիններ առաւօտեան դիտեցին դրօշի բարձրացման արարողութիւնը եւ ատոր յաջորդած ձեռնարկները, որոնց շարքին` զինուորական տողանցքը, աւելի քան 1000 զինուորականներու, 71 օդանաւերու եւ 168 զրահապատ կառքերու մասնակցութեամբ:
Բազմաթիւ զոյգեր ամուսնացան հաւաքական պսակի արարողութեամբ, եւ նախագահ Մա Եինկ-Ժէու ճառ մը արտասանեց: Նոյնիսկ զբօսաշրջիկները չէին մոռցուած. անոնք, որոնք այդ օրը ժամանեցին, 100-ամեակի յուշանուէրներ ստացան:
Բայց տարեդարձին նախօրեակին Չինաստանի Հանրապետութեան ձգած ժառանգը անխուսափելիօրէն քննարկուեցաւ:
Ոմանք զայն մեղադրեցին փտածութեան եւ անձեռնհասութեան, անկարողութեան համար, որ յանգեցուց քաղաքացիական պատերազմին մէջ մայրցամաք Չինաստանի` համայնավարներու զիջումին:
Եւ Թայուանի մէջ բնակչութեան զգալի հատուած մը Քուօմինթենկը եւ ՉՀ-ն տակաւին դժգոհութեամբ կ՛ընկալեն 1940-ականներուն Թայուան տեղափոխուելէ ետք անոնց որդեգրած ճնշող իշխանութեան պատճառով:
Զայն կը մեղադրեն 28 փետրուար 1947-ին տեղի ունեցած Միջադէպին (ապստամբութիւն մը, որ հրահրուեցաւ վաճառող կնոջ մը խոշտանգումին պատճառով, եւ որ առաջնորդեց մահացու ըմբոստութեանց) եւ այլախոհներու վայրագ ցրւումով, որ ծանօթ է իբրեւ Սպիտակ ահաբեկչութիւն, որուն պատճառով հազարաւոր անձեր ձերբակալուեցան, խոշտանգուեցան, սպաննուեցան կամ հալածուեցան: Զինուորական դրութիւնը մնաց մինչեւ 1987:
«ՉՀ-ն Թայփէ աքսորուած Չինաստանի կառավարութիւնն է: Թայուանէն պէտք է դուրս գայ», ըսաւ Ցայ Թինկ-Քուէյ, որ մէկն է անոնցմէ, որոնք կը հաւատան, որ երբ Ճափոն պարտուեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, Թայուան գործնապէս պէտք չէր տրուեր Չինաստանի Հանրապետութեան, որովհետեւ ատիկա չէր նշուած այն դաշնագիրներուն մէջ, զորս ստորագրուած էին Ճափոնի եւ պատերազմին մէջ յաղթական արեւմտեան ուժերուն, կողմերուն միջեւ:
Եհ Ցայ-Չու` գործարար կին մը, ըսաւ, որ ինք եւ իր ընտանիքը չեն նշեր այս տարեդարձը (նաեւ ծանօթ` իբրեւ «Կրկնակի 10 ազգային օր»):
«ՉՀ-ի հարիւրամեակը ոչ մէկ կապ ունի Թայուանի հետ: Բացի ատկէ, տօնելիք, նշելիք ի՞նչ կայ: ՉՀ-ն իբրեւ երկիր աշխարհի կողմէ նոյնիսկ չէ ճանչցուած», ըսաւ տիկին Եհ:
Ան կ՛ակնարկէր այն հանգամանքին, որ ՉՀ-ն 1971-ին ՄԱԿ-ի մէջ իր աթոռը կորսնցուցած է ի նպաստ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան:
Թայուանի կառավարութիւնը եւ մարդոց մեծ մասը, սակայն, խորապէս կը հաւատան, որ ՉՀ-ն օրինական, գերիշխան երկիր է` հակառակ Չինաստանի այլ պնդումներուն, եւ միայն 20 փոքր երկիրներ իբրեւ այդպիսին պաշտօնապէս ճանչցած են ՉՀ-ն:
Տարեդարձի նախօրեակին անցորդներ իսկական հպարտութիւն արտայայտեցին ոչ միայն Թայուանի, այլեւ ՉՀ-ի մէջ: Անոնցմէ շատեր շառաւիղներն են բնիկ թայուանցիներու, այլ ոչ թէ` ներգաղթողներու, որոնք այստեղ եկած են պատերազմէն ետք, 1940-ականներուն:
«Լաւ եւ վատ բաներ կատարած է: Բայց հիմնականին մէջ` լաւ: Բարձրացուցած է թայուանցիներու ապրուստի մակարդակը: Իսկ լաւագոյնը այն է, որ Թայուանը վերածած է բաց եւ ազատ ընկերութեան, հասարակութեան», ըսաւ Քեւին Վուն` ելեւմտական գործերու 26-ամեայ տնօրէն մը:
Շատեր նաեւ կ՛արժեւորեն ՉՀ-ն` Թայուանը համայնավար գրաւումէն փրկելուն, կղզիին տնտեսութեան բարգաւաճման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման օգնելուն համար:
«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ անցեալին, անցած է: Թայուան ՉՀ-ն է, մեր ազգային օրհներգը երկար տարիներ երգած ենք: Մենք կազմուած ենք բնիկ, երկար ատեն Թայուանի բնակիչներէ, վերջերս ներգաղթած չինացիներէ եւ հարաւարեւելեան ասիացի հարսերէ: Մենք այսօր այսպիսի ազատ ընկերութիւն, հասարակութիւն մը ունինք», ըսաւ 60-ամեայ կին մը:
Հարցումի մը պատասխանելով` Թայուան այցելող չինացի զբօսաշրջիկ մը նաեւ համաձայն գտնուեցաւ, որ ՉՀ-ի ժառանգի հաշուեկշիռը հաւանաբար աւելի լաւ է, քան` վատ:
«Մենք Սուն Եաթ-Սենը կը ճանչնանք: Մենք կը ճանչնանք Զինհայ յեղափոխութիւնը, բայց ոչ` «Կրկնակի 10 ազգային օր»ը եւ ոչ ալ Չինաստանի Հանրապետութիւնը, բայց ՉՀ-ն աւելի շատ լաւ բաներ ըրած է, քան` վատ: ՉՀ-ն կայսրերը տապալած է», ըսաւ կին մը, որ մերժեց անունը տալ:
«ՏԱԿԱՒԻՆ ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ»
Հակառակ Թայուանի մէջ իր իշխանութեան պատմութեան մութ հատուածներուն` բազմաթիւ թայուանցիներ ՉՀ-ն կը ճանչնան իբրեւ Թայուան, թէեւ անոնք զայն իշխող կուսակցութենէն տարբեր ձեւով պիտի սահմանեն:
«ՉՀ-ն Թայուան է: Ատիկա չի ներառեր մայրցամաքը (Չինաստանը)», ըսաւ Սիտնէյ Չենկ:
«Մենք շատ հպարտ ենք: Մեր երկիրը շատ մեծ բաներ ունի, ինչպէս` ժողովրդավարութիւն, բարձր արհեստագիտութեամբ ճարտարարուեստ, տնտեսութիւն եւ հիւրասէր, բարեկամ ժողովուրդ»:
ՉՀ-ի այս կարեւորութիւնը կրնայ ապագային սպառնալիքներ դիմակալել:
Սիտնէյ Չենկ եւ ուրիշներ նշեցին, որ երբ արտասահման կը ճամբորդեն, մարդիկ, ներառեալ` մաքսատան պաշտօնեաներ, շփոթութեան կը մատնուին, թէ ՉՀ-ն ի՞նչ կը ներկայացնէ, անոնք կը կարծեն, թէ ատիկա Չինաստանն է:
«Երբ ես Պրազիլ մեկնեցայ, իմ մուտքի արտօնագիրիս վրայ կնքեցին, թէ ես չինացի էի», ըսաւ Չենկ:
Արտասահմանի մէջ շատեր Թայուանը իբրեւ Թայուան կը ճանչնան, այլ ոչ թէ` իբրեւ Չինաստանի Հանրապետութիւն:
Բայց Քուօմինթենկի գլխաւոր պատմաբան Շաօ կը պնդէ, թէ ՉՀ-ի համապատասխանութիւնը ժամանակին հետ պիտի չանհետանայ:
«ՉՀ-ն ոչ միայն հասաւ Սուն Եաթ-Սենի տեսլականին` ազգայնականութեան, ժողովրդավարութեան եւ ապրուստի (Թայուանի մէջ չինացի ցեղին համար), բաներ, որոնք նուաճուած չէին Չինաստանի կողմէ, այլեւ շատ կարեւոր դեր պիտի խաղայ` ի վերջոյ լուծելու համար Թայուանի եւ մայրցամաք Չինաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը», ըսաւ Շաօ:
«Նոյնիսկ Չինաստան որոշ զգացումներ ունի այդ առնչութեամբ, որովհետեւ ան արդիւնքն է Սուն Եաթ-Սենի յաջողութեան, եւ անոնք կը յարգեն Սուն Եաթ-Սենը»:
Բայց ՉՀ-ին ուղին դէպի ժողովրդավարութիւն ամբողջական չէ:
Հարիւրամեակի նախօրեակին Թայուանի մէջ բնիկ ցեղախումբ մը ուխտեց, խոստացաւ շարունակել խորհրդանշական գլխատումը ՉՀ-ի (արտայայտելու համար բնիկ ժողովուրդին իրաւունքը չյարգող անոր պատմութեան դէմ իր զայրոյթը):
Բայց այսպիսի գործունէութիւն մը հանդուրժելի պիտի չըլլայ մայր ցամաք Չինաստանի մէջ, եւ այդպիսին է ՉՀ-ի թողած ժառանգութիւնը:
ՍԻՆՏԻ ՍՈՒՅ




