ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐ

Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ

Զարմանալի բաներ կը պատահին այս աշխարհի երեսին:

Ժամանակ մը առաջ հնագէտներ Հայաստանի ընթերքէն դուրս բերին հինգ, թէ վեց հազարամեակ առաջ կառուցուած կօշիկ մը. ես անկեղծօրէն զարմացայ, որովհետեւ պզտիկուց լսած էի, որ հայերը աշխատասէր կ՛ըլլան, բայց երբեք` որ անոնք երկար քալելու սովորութիւն ալ ունին. վերջապէս կօշիկը քնանալու համար պիտի չգործածէին. բայց երբ ըսուեցաւ նաեւ, որ գտնուած կօշիկը բաւական լաւ վիճակի մէջ եղած է, հասկցայ, որ իրաւո՛ւնք ունէի. կօշիկը շիներ են, բայց շատ չեն գործածած. ամէն ինչ իրարու հետ հաշտ էր ուրեմն. սխալ բան չկար:

Ատեն մը ետք մօտաւորապէս նոյն տարիքը ունեցող գինեգործարան մըն ալ գտան: Այս պարագային գիւտը աւելի համոզիչ էր: Մեր օրերուն այդքա՜ն քոնեաքի գործարան, այդքա՜ն գինիի գործարան ունեցող ժողովուրդը հարկաւ հազարամեակներ առա՛ջ ալ նոյն ձիրքերը ունեցած պիտի ըլլար: Դեռ քիչ մըն ալ պեղեն, պիտի գտնեն թերեւս, թէ ժամանակին Ֆրանսա անունով երկիր գոյութիւն չունեցած ատենն իսկ հայերը ֆրանսական գինի՛ ալ պատրաստած կ՛ըլլան. ուրկէ՞ կու գայ հապա հայ-ֆրանսական այսքան ամուր բարեկամութիւնը, որով այնքան հպարտ է, եղեր, Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզին: Տարօրինակ բան չկայ. այսօ՛ր ալ հայ գինեգործները Հայաստան նստած շիշի վրայ պարզ մակնիշ մը փակցնելով մոսկոֆեան վոտքա կը պատրաստեն ու աժանի կը ծախեն. աւելի՛ աժան, քան` իսկականը, այսինքն` Մոսկուա պատրաստուածը: Հնարամիտ ժողովուրդ եղած ենք ի ծնէ: Շքանշանի՛ արժանի ենք:

Վերջերս նաեւ ուրիշ կառոյց մըն ալ գտնուեցաւ, որ կը կարծուի, թէ ձուլարան եղած է. մետաղ պատրաստելու, մետաղ հալեցնելու գործարան: Ինչ որ պէտք է մեզի` տրուելիք շքանշանը պատրաստելու համար: Շքանշաններէն օրինակներ չեն գտնուած: Ասիկա զարմանալի է, որովհետեւ ժամանակին կօշիկ շինած ենք եւ մինչեւ հիմա ալ կօշկակար ենք: Ժամանակին գինեգործ եղած ենք եւ մինչեւ հիմա գինեգործ ենք: Ժամանակին շքանշաննե՛ր ալ պատրաստած պէտք է ըլլանք, քանի այսօր առատօրէն կը բաժնենք ու կը բաժնենք ու չեն վերջանար: Քանի մեր սորված պատմութեան դասերուն մէջ շքանշանի տուչութեան նշումներու չենք հանդիպած, եզրակացուցի, որ մեր նախնիները մեր մասին մտածելով այն ժամանակներէն արդէն ամէն ինչ պատրաստած են, որպէսզի մենք շքանշան բաժնելու մեր մոլութեան առանց մտահոգութեան գոհացում տանք: Այսպէս, վերը նշուած Սարքոզիի Հայաստան վերջին ու միակ այցելութեան ժամանակ մարդը ամօթով մնաց. իրեն հետ միայն մէկ հատ շքանշան բերած էր, ատիկա ալ տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին: Իր պետական տրամաբանութեամբ «նախագահին կու տամ, բոլորին տուած կ՛ըլլամ» մտածեց. բնական է. եւրոպացի է վերջապէս. թէ՛ զուսպ է, թէ` տնտես: Բայց մենք կրնա՞նք մէկ հատ տալով գոհանալ: Մետաղագործարանը հազարամեակներ շարունակ գիշեր-ցերեկ աշխատցուցած էինք եւ Երեւան եկած ու չեկած ֆրանսացիներուն շնորհեցինք տասի չափ շքանշան: Այս մարզին մէջ անյաղթահարելի ենք:

Որմէ՞ իւրացուցինք արդեօք այս սովորութիւնը: Ասիկա՛ ալ Խորհրդային Միութեան մնացորդներէն պէտք է ըլլայ: Կը յիշէ՞ք Պրեժնեւի յիսուն քիլոնոց ժաքեթը. վերէն-վար ու ձախէն-աջ մետալներն ու շքանշանները շարուած: Բայց ատիկա իրեն համար մոլութիւն չէր, այլ  հանրային յարաբերութեանց մարզին մէջ իր ճարպիկութեան մէկ փաստը: Այդպէս կ՛ընէր կարծել տալու համար, թէ այդ ժաքեթին պատճառով է, որ դանդաղ կը քալէ. մինչդեռ մարդը արդէն լուրջ հիւանդ է եղեր: Այդ հնարքով ան կրցաւ իր գոյութիւնը մինչեւ իր մահը իշխանութեան գլուխը մնալով քաշքշել: Իր ընդդիմադիրները ասիկա եթէ գիտնային, հանդէսէ մը առաջ իր նշանաւոր ժաքեթը կը պահէին եւ ամէն ինչ մէջտեղ կ՛ելլէր:

Աչք մը նետա՞ծ էք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կայքէջին վրայ: Ի շարս այլ բաներու այդտեղ շքանշաններու մասին սիւնակ մըն ալ կը գտնէք: Հոն կ՛իմանաք, որ նախագահը կրնայ մէկը Հայաստանի ազգային հերոս հռչակել: Այսպէս պարզապէս գիշերը կը քնանայ, յաջորդ առտու կ՛արթննայ եւ կը յայտարարէ, որ Այսինչ Այնինչեանը  (կամ` Այսինչեանը) «Հայաստանի ազգային հերոս» է: Այսքան պարզ բան: Ազգային հերոս դառնալը ժամանակին բաւական դժուար էր. տարիներով կռիւ պիտի տանէիր, տեսակ-տեսակ թաքստոցներու մէջ պիտի պատսպարուէիր, թշնամին գլուխդ ուտելու համար ասոր-անոր մեծ-մեծ գումարներ պիտի խոստանար: Եթէ այս ու նման բաներէ ազատէիր, կամ հերոսաբար տեղ մը կեանքդ վրայ տայիր, ժողովուրդը քու մասիդ երգեր պիտի հիւսէր: Ամէն ինչ կամաց-կամաց, աստիճանաբար պիտի պատրաստուէր եւ պատահական օր մը ժողովուրդին կողմէ ազգային հերոսի կոչումը պիտի ստանայիր. ողջութեանդ կամ մեռնելէդ ետք` բայց ամէն պարագայի գործի սկսելէդ տասնամեակներ ետք: Մեր օրերուն այս բոլորը տեղի կ՛ունենան պարզեցուած գործընթացով` մէկ գիշերուան մէջ: Յանձնախումբի իսկ պէտք չկայ:

Այդ կայքէջին վրայ կը կարդաք նաեւ, որ կրնան տրուիլ վեց տեսակի շքանշաններ, ութ տեսակի մետալներ, 15   տեսակի վաստակաւոր գործիչի կոչումներ: Սփիւռքի նախարարութիւնը կը բաժնէ հինգ տեսակի մետալներ, մշակոյթի նախարարութիւնը` 15 տեսակի մրցանակ, շքանշան, մետալ կամ կոչում: Միւս նախարարութիւններու կայքէջերուն աչք չնետեցի. վստահաբար հոն ալ ըլլալու են: Ասկէ զատ կան անշուշտ կաթողիկոսները, միութիւնները որոնք վերիններէն ետ չմնալու նախանձախնդրութենէն մղուած անոնցմէ նուազ առատաձեռն չեն: Կը բաժնե՜ն ու կը բաժնե՜ն: Ամէն առիթով ու շատ-շատերու: Մրցում է:

Միւս կողմէ, մտածեցի սակայն, թէ մարդուս մարդու նման, մարդավայել, ինչպէս կ՛ըսեն,  ապրելու սկզբնաւորութենէն ի վեր ի զօրու է շուկայի օրէնքը. այսինքն` «չիք առաջարկ ու մատուցում` առանց պահանջարկի»: Տուողները կան, քանի ստացողները կա՛ն: Լսա՞ծ էք բնաւ, որ մարդիկ շքանշան կամ նման բաներ մերժեն: Ես մէկ-երկու պարագայ լսած եմ. վստահաբար աւելի՛ կայ: Բայց ուզողները չուզողներէն շա՜տ աւելի են: Սնափառութիւնը վերջիվերջոյ աստուածային յատկանիշ չէ. մարդկայի՛ն է:

Հետեւաբար զարմանալի ու վնասակար բան չկայ, քանի տուողը գոհ է, ստացողն ալ գոհ է: Միայն թէ կը մտածես ու կ՛ափսոսաս: Ի՞նչ է բարեգործ մարդուն համար շքանշան ըսուած մետաղի կտորին բարոյական արժէքը` համեմատած երախտապարտութեան այն զգացումին, որ բարերարին հանդէպ կ՛ունենայ բարեգործութեան առարկայ այն մանուկը, այն ծնողքը կամ հաւաքականութիւնը: Այս վերջինը չէ՞արդեօք իսկակա՛ն շքանշանը: Շքանշան,  որ ամէն օր կը տրուի բարեգործին. ցկեա՛նս եւ ատկէ ե՛տք ալ: Իսկական արուեստագէտին համար ի՞նչ արժէք ունի շքանշան մը իր երկրպագուին ամէնօրեայ ու տեւական գնահատանքին առջեւ:

Պիտի ըսէք, որ տրուած շքանշանները ահաւասիկ այդպիսի գնահատանքներու նիւթականացած արտայայտութիւնն են:

Դժբախտաբար միշտ չէ, որ այդ երկուքը իրարու կը համապատասխանեն: Ժամանակին կ՛ըսէինք`  «բազում են կոչեցեալք, բայց սակաւ` ընտրեալք»: Հիմա բոլոր կոչեցեալները նաեւ ընտրեալներ են:

Ի՞նչ ընենք: Ժամանակները փոխուած են: Հարստացա՛ծ ենք:

 


 

 

Share this Article
CATEGORIES