ԱԿՆԱՐԿ. ՄԵՆՔ` ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՋ ԵՒ ԲՌՆԱԿԱԼԻ ՄԻՋԵՒ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Երեւան այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը հասկնանք, թէ Սարքոզի Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ կ՛ուզէ ֆրանսահայ համայնքին համակրանքը շահիլ, սակայն իրականութիւն է իր արտասանած խօսքը, իրաւացի է իր կոչը, անսակարկ է պահանջը, անխուսափելի են ճանաչումն ու հատուցումը:
Թուրքիան խորհրդանշող անձնաւորութիւնները այն դիրքի մէջ չեն գտնուիր, որ կարողութիւնը ունենան իրաւունք չտալու որեւէ մէկ կողմին, որ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ Ցեղասպանութեան հարցի գծով: Այսինքն Տաւութօղլուն երբ կ՛ըսէ, թէ գաղութատիրական անցեալ ունեցող պետութիւն մը Թուրքիոյ դասեր տալու իրաւունք չունի, կը սխալի երկու մակարդակներու վրայ. առաջինը` Ֆրանսան եւ ֆրանսական քաղաքակրթութիւնը իր մշակոյթով եւ դիւանագիտական դիրքով աւելի հարուստ է, քան` թրքականը. երկրորդը` գաղութատիրական անցեալ չունեցող պետութիւն մը իրաւունքը կը ստանայ Թուրքիոյ նոյն դասը տալու, ինչպէս Հայաստանը կը դառնայ իրաւացի դասատուն եւ պահանջատէրը:
Մենք իրաւունք ունինք դասեր տալու եւ իրաւունքներ պահանջելու Թուրքիայէն. մենք կը ներկայացնէինք 39 առ հարիւրը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ցեղասպանութեան ժամանակ, ուր մեր թիւը կը հասնէր 5,8 միլիոն հայերու, որ կը գերազանցէր թուրքերու 25 առ հարիւրին, որ կը կազմէր 3,7 միլիոն թուրքեր: Մենք մասնակցած ենք 1919-ի Ուաշինկթընի դաշնագրին, ուր դաշնակիցները որոշ իրաւունքներ ճանչցած են հայ ժողովուրդին, եւ այդ դաշնագրին տակ կը գտնուի Աւետիս Ահարոնեանի ստորագրութիւնը` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար: Այդ իրաւունքներու միակ ժառանգորդը Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայ ժողովուրդն են:
ԱՐԱՄ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հալէպ

