ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԻՏԱԼԻՈՅ ՎՐԱՅ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի մերժեց իր երկրին վրայ «եւրոպական հոգատարութիւնը»` վստահեցնելով, որ «իր երկրին մէջ տնտեսական վիճակը լաւ է եւ այդտեղ մտահոգիչ ոչինչ կայ»:
Պերլուսքոնի մերժեց տնտեսական սեղմումի յաւելեալ քայլերու դիմելու Եւրոպական Միութեան պահանջին ենթարկուիլ` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ իր երկիրը կարգ մը եւրոպական պետութիւններու նման դրամական տագնապի կրնայ ենթարկուիլ: Ան Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի կեցուածքը նկատեց «հայհոյանքներ եւ անտրամաբանական»:
Պերլուսքոնի յայտնեց, որ «եւրոպական գօտիին մէջ երրորդ մեծագոյն տնտեսութեան տէրը եղող Իտալիա պէտք չունի Յունաստանի, Իրլանտայի եւ Փորթուգալի մէջ պատահածին պէս փրկութեան ծրագիրի: Երկիրը պիտի չարտօնէ, որ ոեւէ մէկը իր վրայ հոգատարութիւն հաստատէ»` վստահեցնելով, որ Իտալիա «արտաքին ցուցմունքներու կարիք չունի»:


