«ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՏՈՒՆ ՉԿԱՆՉԵՑԻՆՔ, ԱՅԼ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆՉԵՑԻՆՔ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՆՈԼԸՆՏ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն, ինչպէս կը տեղեկացնէ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան դրուած սխալ լուրը, Դամասկոսի մէջ իր դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտը տուն չկանչեց, այլ` անկէ պահանջեց խորհրդակցութեանց համար Ուաշինկթըն գալ:
Նոլընտ նշեց, որ «նախ եւ առաջ կ՛ուզենք անոր հետ խորհրդակցելու առիթ ունենալ եւ Դամասկոսի կացութեան մասին անոր հետ խօսիլ: Այդտեղ կացութիւնը շատ լարուած է եւ կ՛ուզենք անոր քիչ մը հանգիստի ժամանակ տալ: Անգամ մը եւս կը վստահեցնեմ, որ խորհրդակցութիւն կատարելու համար էր, որ անկէ տուն վերադառնալ պահանջուեցաւ եւ ոչ թէ տուն կանչուեցաւ»:
Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նախապէս բացատրած էր, որ «վարչակազմին ղեկավարութեամբ եւ անձամբ դեսպան Ֆորտը թիրախ դարձնող սուրիական կառավարութեան ղեկավարած պաշտօնական լրատուամիջոցներուն կողմէ հրահրումի արշաւին նկատմամբ մտահոգութիւն կը զգանք, ինչպէս նաեւ ատոր պատճառով ստեղծուած ապահովական կացութենէն մտահոգ ենք»:
Նոլընտ յայտնեց, որ «կ՛ուզեմ այս առիթը օգտագործել սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղելու` անմիջապէս վերջ տալու դեսպան Ֆորտի դէմ ցեխարձակումի նենգ եւ սուտ քարոզչական արշաւին»` աւելցնելով, որ «վերջապէս, կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք մեր կատարած խորհրդակցութիւններուն աւարտէն ետք դեսպան Ֆորտի վերադարձը կը նախատեսենք, եւ վերադարձին սուրիական կառավարութիւնը պարտաւորուած պիտի ըլլայ անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու, Վիեննայի համաձայնութեան հիմամբ իր յանձնառութիւնը յարգելու, ճիշդ ինչպէս այստեղ սուրիացի դեսպան Իմատ Մուսթաֆան պաշտպանելու կ՛աշխատինք»:
Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆայի հարցին եւ թէ ան Ուաշինկթընը տեղեակ պահա՞ծ է, թէ Դամասկոս կանչուած է, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ «ըստ իմ տեղեկութեանս, ան մեզի տեղեակ չպահեց, թէ խորհրդակցութեանց համար իրմէ պահանջուած է հայրենիք վերադառնալ»:
Նշենք, որ Սուրիա Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը տուն կանչելու ամերիկեան քայլին հակադարձելով` Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած էր:


