ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ` ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՉ ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՆԴԱՄ

Ազրպէյճան դարձաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 24 հոկտեմբերին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ շարունակուած է Արեւելեան Եւրոպայի խումբի երկիրներու 2012-2013-ի համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամի ընտրութեան համար քուէարկութիւնը:

Ազրպէյճանի անդամակցութեան, որուն հիմնական մրցակիցը Սլովենիան էր, թեր քուէարկած է 155 երկիր:

Ապահովութեան խորհուրդի նորընտիր ոչ մնայուն անդամները 31 դեկտեմբերէն սկսեալ պիտի փոխարինեն Պոսնիան, Պրազիլը, Կապոնը, Լիբանանը եւ Նիկերիան:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կազմուած է 5 մնայուն եւ 10 ոչ մնայուն անդամներէ: Վերջիններս կ՛ընտրուին երկու տարիով, իսկ ամէն տարի անոնցմէ հինգը կը փոխուի:

Share this Article
CATEGORIES