ՇԱՐՊԵԼ ՆԱՀՀԱՍ. «ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆԸ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐԷՆ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ»
Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ ինք աշխատավարձի յաւելման մասին կառավարութեան որոշումը անցեալ հինգշաբթի օր փոխանցած է Պետական շուրային խորհուրդին` աւելցնելով, որ քաղաքացիները այդ մասին կրնան իմանալ, երբ Պետական շուրան իր վերջնական որոշումը տայ:
Նահհաս դիտել տուաւ, որ Պետական շուրայի խորհուրդը պիտի սերտէ որոշումը եւ իր դիտողութիւնները կցէ անոր` զայն ուղարկելու համար կառավարութեան, որպէսզի ան իր կարգին վերջնականապէս վաւերացնէ այդ որոշումը:
Նահհաս մերժեց բացայայտել Պետական շուրայի խորհուրդին իր յղած շրջաբերականին մանրամասնութիւնները` կանխարգիլելու համար խորհուրդին վրայ բանեցուելիք հաւանական ճնշումները: «Մենք կը սպասենք Պետական շուրային. եթէ ան դիտողութիւններ չունի որոշումին վերաբերող, ապա այդ մէկը ուղղակի կը ստորագրուի, իսկ եթէ Պետական շուրան հիմնական դիտողութիւններ արձանագրէ, ապա այդ որոշումը կը վերադարձուի կառավարութեան», ըսաւ Նահհաս` աւելցնելով, որ աշխատավարձի յաւելումին մասին այդ շրջաբերականը քանի մը օրէն կը հրապարակուի:
ԱՅՍՏԵՂ անհրաժեշտ է նշել, որ Պետական շուրայի խորհուրդի նախկին նախագահ Եուսեֆ Սաատալլա Խուրի յայտնեց, որ այդ խորհուրդը խորհրդատուի դերակատարութիւն ունի եւ իրաւունք չունի կառավարութեան կարծիք պարտադրելու: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը իր որոշումը ինչպէս որ է պիտի հրապարակէ պետական պաշտօնաթերթին մէջ` աւելցնելով, որ կառավարութեան որոշումին դէմ տնտեսական խորհուրդներուն ներկայացնելիք բողոքը այդ որոշումին գործադրութիւնը չի կրնար կասեցնել:

