ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտեց Միացեալ Նահանգներ կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանանը չէզոք երկիր մը յայտարարուի, այլ խօսքով` դրական չէզոքութիւն որդեգրած պետութիւն մը, որ միջազգային թէ առանցքային ոչ մէկ ուղեգիծի ենթակայ է կամ հետեւորդ: Ան շեշտեց սակայն, որ ինք յանձնառու կը մնայ արաբական հարցերուն լուծման` աւելցնելով, որ ինք չի կրնար կռնակ դարձնել արաբական իր միջավայրին:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ 1 նոյեմբերին ինք եռօրեայ այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Իրաք` նշելու համար Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցւոյ պայթումին Ա. տարելիցը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալու Իրաքի հոգեւոր պետերուն եւ պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու համար Իրաքի քրիստոնեայ համայնքին իրավիճակը:
ՆՇԵՆՔ, որ ՄԱԿ-ի մէջ պապական նուիրակ Ֆրանսիս Շուլիքաթ նկատել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքին եւ Քի Մունի միջեւ հանդիպումը շատ լաւ ընթացած է: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ հանդիպման մը չկայացումը մեծ հարց մը չէ, որովհետեւ Օպամա իր նախագահական նստաշրջանը պիտի աւարտէ, իսկ Ռայի պատրիարքը նոր սկսած է իր առաքելութեան երկար ուղին, որուն վրայ տակաւին ան բազմաթիւ ամերիկացի նախագահներու հետ հանդիպելու առիթ ունի:

