ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՏԻԱՐ»

– Անդրադարձ` առողջապահական դրութեան պահպանման մէջ դեղագործին դերակատարութեան մասին տեղի ունեցած խորհրդաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցաւ պետական նախարար Փանոս Մանճեան` իբրեւ ներկայացուցիչ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Մանճեան շեշտեց, որ դեղագործութիւնը գիտութիւն է եւ զայն պէտք չէ վերածել առեւտուրի ու մրցակցութեան` շեշտելով, որ չօգտագործուած դեղերուն քանակը պէտք է վերադարձնել ներածողին եւ ոչ թէ այս կամ այն դարմանատան բաժնել, երբ այդ դեղերուն օգտագործման թուականը արդէն իսկ անցած է եւ անոնց օգտագործումը վտանգաւոր դարձած:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Նահար», «Անուար» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):

– Լրատուութիւն` նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Սաֆիր», «Նահար», «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Շարք» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):

 

 

Share this Article
CATEGORIES