ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ ՄԸ

Քոնելլի, Ուոլես եւ վարչապետ Միքաթի

Նախքան Ռիատ իր մեկնումը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի վարչական եւ աղբիւրներու հարցով տեղակալ Ճեք Ուոլեսը` ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուոլես եւ Քոնելլի մեկնեցան առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Յորդանանի վարչապետ Աուն Խատաուինայի հետ եւ զայն շնորհաւորեց Յորդանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի Ռիատ ուղեւորութեան ընկերակցեցաւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Մոհամետ Սաֆատի, Ատնան Մանսուր, Ահմետ Քարամէ, Ուալիտ Տաուք, Ղազի Արիտի, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի ներկայացուցիչ` միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյս եւ հիւսիսային Լիբանանի ու Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար:

Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է նշել, որ վարչապետարանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան Միքաթի սարքեց ընթրիք մը` ի պատիւ Արաբական դատարաններու եւ սահմանադրական խորհուրդներու 2011-ի խորհրդաժողովին մասնակիցներուն:

Ընթրիքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ խորհրդաժողովը արդիւնաւորուի շինիչ որոշումներով եւ բանաձեւերով, ինչպէս նաեւ նպաստէ իշխանութիւններու տարանջատման եւ զանոնք հաւասարակշռելու օրէնքներուն մշակումին:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Սահմանադրական դատարանը ժողովրդավարական ընկերութիւններ հաստատելու հիմնասիւնն է: Ան նշեց նաեւ, որ Սահմանադրական դատարանը կ՛երաշխաւորէ սահմանադրական հաստատութիւններուն հետեւողական երթը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սահմանադրական խորհուրդին հիմնական աշխատանքն է հսկել օրէնքի եւ կանոնի գործադրութեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է չշրջանցել սահմանադրական օրէնքներն ու սկզբունքները:

 

Share this Article
CATEGORIES