ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԶԵՄ ԽՈՒՐԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական մարզերուն կապուած խնդիրներ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց քաղաքացիական ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Ռեմոն Խաթթարը, որուն հետ քննարկեց քաղաքացիական ապահովութեան ուժերու աշխատանքը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Ասաատ Քըթէյթը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Տանիէլ Հայպին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան Քաղաքացիական օդանաւորդութեան եւ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:


