ԸՍՏ «ՄՈՍՔՈՎՍՔԻԷ ՆՈՎՈՍԹԻ»Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՓՈՐՁԵՑ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՀԱԿԱԹՐՔԱԿԱՆ ՀՌԵՏՈՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոսթի» օրաթերթը անդրադարձած է երկուշաբթի օր պետական այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի` Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան, որուն ընթացքին ղեկավարները Վանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առնչութեամբ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնած էին Կիւլին:

«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահը հաստատած է իր երկրին պատրաստակամութիւնը դրացիին անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու համար: Հայաստան եւ Թուրքիա 1990-ականներու սկիզբէն զիրար կը պոյքոթեն, Հայաստանը` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու, իսկ Թուրքիան` ղարաբաղեան հարցին մէջ Ազրպէյճանի հետ համերաշխութեան պատճառով», կը գրէ «Մոսքովսքիէ Նովոսթի», որուն հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանէն անանուն զրուցակիցները ըսած են.

«Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա այցելութիւնը յաջորդեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի` հոկտեմբերի սկիզբին Երեւան կատարած այցելութեան: Սարքոզի, որ կը ձգտի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ շահիլ ֆրանսահայ համայնքին համակրանքը, Երեւանի մէջ յայտարարեց Հայաստանին աջակցելու մասին, յիշեց Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հասկցուց, որ Փարիզ պիտի շարունակէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումներուն դէմ հանդէս գալ: Անգարայի նկատմամբ Սերժ Սարգսեանի մոսկովեան ժեսթը կարելի է բնութագրել իբրեւ Սարքոզիի հակաթրքական հռետորաբանութիւնը հաւասարակշռելու փորձ»:

 

Share this Article
CATEGORIES