ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՎՃԻՌ ՄԸ Կ՛ԱՐՁԱԿԷ

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը երէկ արձակուած վճիռով մը անգամ մը եւս Թուրքիան յանցաւոր նկատեց` այս անգամ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ազատ քննարկումը արգիլելու եւ թուրք պատմագէտ Թաներ Աքչամը հալածելուն համար:

Աքչամ դատը բացած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ` պնդելով, որ Ցեղասպանութեան հարցը չարծարծելու նպատակով իրեն վրայ բանեցուող ճնշումները զինք դրած են հալածախտի վիճակի մը մէջ, որուն պատճառով, ան նոյնիսկ ինքզինք գտած է այդ հարցին մասին չարտայայտուելու կացութեան առջեւ:

Ատեանը համաձայն գտնուած է Աքչամի այն պնդումին, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուած օրէնքները խախտում մըն են արտայայտութեան ազատութիւնը երաշխաւորելու մասին Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութեանց:

Share this Article
CATEGORIES