«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ 9-ՐԴ ՀԱՒԱՔ»ԻՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը երէկ ֆրանսական համալսարանին մէջ կազմակերպուած «Կազմակերպութիւններու 9-րդ հաւաք»ին ընթացքին երիտասարդներուն ներկայացուց ժամանակակից կրթական ձեւերու եւ մօտեցումներու բազմազանութիւնը:

ժամանակի կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկը գիտելիքով զինուած մասնագէտներ պատրաստելն է: Այդ տրամաբանութեան ծիրին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ «Կազմակերպութիւններու 9-րդ հաւաք»ը, որուն այս տարի մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած են Հայաստանի տնտեսութեան մէջ գործող 28 ընկերութիւններ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը շարունակէ նկատուիլ Հայաստանի լաւագոյն գործատուներէն մէկը: Ընկերութիւնը հանրապետութեան ամբողջ տարածքին այսօր ունի աւելի քան 1200 աշխատակիցներ, կ՛առաջարկէ շուկային մէջ մրցունակ աշխատավարձ եւ փոխադարձ հատուցման համակարգ, ներառեալ` առողջութեան ապահովագրութիւն եւ ուսման վարձի վճարում:

Հայաստանի յառաջատար բջիջային ընկերութիւնը հետաքրքրուած է նաեւ երիտասարդ հայրենակիցներու ապագայի կերտման ուղղուած ծրագիրներով` նպատակ ունենալով աջակցիլ անոնց մասնագիտացման, կատարելագործման եւ ներուժի բացայայտման: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը ընդլայնած է ասպարէզի զարգացման ծրագիրի աշխարհագրութիւնը եւ փոխադարձ գործակցութեան յուշագիր ստորագրած է հայաստանեան եւ արտերկրի 35 համալսարաններու հետ:

Ապագայ մասնագէտներուն համար կարեւոր է շուկային մէջ աւելի մեծ պահանջարկ ունեցող մասնագիտութիւնները յստակ պատկերացնելը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» կը շարունակէ խրախուսել ուսումնական հաստատութիւններու եւ գործարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը` ուսանողութեան առաջարկելով «գործատու-աշխատանք փնտռող» հաղորդակցման ուղի մը եւս:

Հաւաքին ընթացքին մագիստրոսութեան բաժինի առաջին կարգէն հարցազրոյցով ընտրուած լաւագոյն ուսանողը կարելիութիւն պիտի ունենայ 3-5 ամսուան վարժողական ծրագիրէ մը անցնելու «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES