ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ 7-ՐԴ ՆԻՍՏԸ

Այսօր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն 7-րդ լիագումար նիստը, որուն ընթացքին քննարկումներ տեղի պիտի ունենան ապագայ համաձայնագիրի հիմնական նպատակներուն, քաղաքական երկխօսութեան եւ արդարադատութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերու շուրջ:

Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ հայկական կողմէն գլխաւոր բանակցող, արտաքին գործոց փոխնախարար Զոհրապ Մնացականեան, իսկ Եւրոպական Միութեան բանակցային խումբը` եւրոպական կողմէ գլխաւոր բանակցող, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր տնօրէնութեան մէջ Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով տնօրէն Կունար Վիկանտը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ նիստի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Կունար Վիկանտի միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

 

Share this Article
CATEGORIES