ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ ԵՆ

Մինսքի խմբակի համանախագահները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ) 21-24 հոկտեմբերին շրջան կատարած իրենց այցելութեան աւարտին հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերը պէտք է նշանակալի կերպով բարելաւեն բանակցութիւններու մթնոլորտը, բարձրացնեն վստահութեան մակարդակը, ամրապնդեն զինադադարի դրութեան պահպանումը, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրել:

Նշենք, որ անոնց ուղեկցած էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

«Միջնորդները հանդիպած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի, Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն հետ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Համանախագահները քանի մը առաջարկ ներկայացուցած են այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնք պիտի օգնեն տարբեր ոլորտներու վրայ ամրապնդելու վստահութիւնը: Կողմերը սկզբունքային համաձայնութեան եկած են շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի նախագիծին շուրջ, զոր համանախագահները ներկայացուցած էին ապրիլին, եւ որուն նախագահներ Սարգսեան, Ալիեւ ու Մետվետեւ Սոչիի մէջ որդեգրուած մարտեան յայտարարութեամբ համաձայնած էին հետամուտ ըլլալ:

«Համանախագահները անջատաբար հանդիպում ունեցած են նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու խորհուրդի նախագահ, շէյխուլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի հետ` քննարկելու ժողովուրդներուն արդար, երկարատեւ ու խաղաղ լուծման նախապատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը:

«22 հոկտեմբերին համանախագահները վերջին 14 ամսուան ընթացքին չորրորդ անգամ ըլլալով քալելով անցած են շփման գիծը: Այդ քայլը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ շփման գիծը մնայուն արգելք չէ դրացի ժողովուրդներուն միջեւ եւ ցոյց կու տայ, որ զինուորական համակարգում կարելի է, եթէ կողմերը կամք ցուցաբերեն:

«Համանախագահները շրջան պիտի վերադառնան նոյեմբերի վերջաւորութեան` շարունակելու համար կողմերուն հետ աշխատանքը` վերոնշեալ միջոցառումները մշակելու եւ յստակացնելու համար յաջորդ քայլերը, որոնք ճամբայ պիտի հարթեն կողմերու հետագայ հանդիպումներուն համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համանախագահները եւ Քասփրչիկ այցելած են Պաքուի հայկական եկեղեցի:

Նշենք, որ ամիսներ առաջ Պաքուի հայկական եկեղեցի այցելած էին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները:

 

Share this Article
CATEGORIES