ՔԱՄԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ՔԼԵՄԵՆԹԷՆ
Քամերունի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի սպանացի մարզիչ Խաւիէ Քլեմենթէն, այսպիսով շաբաթներ տեւած տարաձայնութիւններուն վերջ մը դնելով:
Ֆետերասիոնը այս եզրակացութեան եկաւ` նկատի ունենալով, որ Քլեմենթէ չկրցաւ Քամերունի տոմս մը ապահովել յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցաշարքին գծով:
Ան նախորդ տարուան օգոստոսին ստանձնեց իր պաշտօնը` փոխարինելով ֆրանսացի Փոլ Լըկուենը:
CATEGORIES Մարզական


