ՎԻՏԻՉ ԼՔԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

Նեմանժա Վիտիչ

Սերպիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ յետսապահ Նեմանժա Վիտիչ լքեց միջազգային ասպարէզը, մանաւանդ որ Սերպիա ձախողեցաւ ապահովել Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:

56 միջազգային մրցումի ընթացքին 2 կոլ նշանակած 30 տարեկան Վիտիչ վերջին շրջանին քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ սերպ համակիրներուն կողմէ` նկատի ունենալով, որ ըստ անոնց, ան չէր տար իր առաւելագոյնը: Անոնք նոյնիսկ կը պահանջէին անկէ, որ այս քայլին դիմէ շատ արագ:

 

Share this Article
CATEGORIES