ԷՐԻՔՍԸՆ ԼՔԵՑ ԼԱՅՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի շուէտացի նախկին մարզիչ Սվեն Կորան Էրիքսըն լքեց Անգլիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող իր ակումբը` Լայսթըր Սիթին, խումբին արձանագրած ոչ համոզիչ արդիւնքներուն պատճառով:
63 տարեկան հրաժարեալ մարզիչին կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման 13-րդ դիրքը` ապահովելով միայն ութ կէտ:
Նշենք, որ ան իր պաշտօնը ստանձնեց հոկտեմբեր 2010-ին:
Անոր հրաժարումէն ետք Ա. խումբին մարզիչ Տերեք Ֆազաքելի ժամանակաւորապէս ստանձնեց անոր պաշտօնը:
CATEGORIES Մարզական


