ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
Երէկ, Լիբանանի մէջ օտարերկիրներու դեսպանատուներ իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ-հիմնադիր Մայ Խալիլի, այցելեց քուէյթեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ապտել Աալ Քանայիի հետ:
Մայ Խալիլ դեսպանը տեղեակ պահեց 2011-ի Պէյրութի Միջազգային մարաթոնին գծով տարուած աշխատանքներուն մասին` աւելցնելով նաեւ, որ ցարդ աշխատանքները կը շարունակուին:
Քուէյթի դեսպանը խոստացաւ իր ամէն կարելին ընել` դիւրացնելու համար մարաթոնին աշխատանքները, եւ ճիգ չխնայել, որպէսզի դեսպանատան անձնակազմի անդամներէն բացի այլ քուէյթցիներ եւս մասնակցին այս մարաթոնին:
CATEGORIES Մարզական

