ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ԵՒ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ

Երէկ` երեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Տիուան Սուլթան» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ) պատուեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը եւ մարզական լրագրողները:

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն կը ներկայացնէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի: Ներկաներուն կարգին էին նաեւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Ժան Համմամ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ այլ հրաւիրեալներ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Հաշեմ Հայտար ըսաւ, որ եթէ Լիբանանի թիւ 12-րդ մարզիկը անոր համակիրներն են, ապա ուրեմն թիւ 13-րդ մարզիկն ալ տեղական մարզական լրագրողներն են, որոնց շնորհիւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կ՛արձանագրէ իր յաջողութիւնները:

Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, որ ամէն ջանք կը թափուի, որպէսզի արագ ձեւով ընթանայ համակիրներուն ֆութպոլի դաշտ վերադարձը, սակայն պէտք է ըլլալ շատ զգուշ` անցեալի դէպքերը չկրկնելու համար:

Ապա, ան յայտարարեց ժողովրդային յատուկ յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որ պիտի զօրակցի Լիբանանի ազգային խումբերուն:

Վերջապէս, ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ երեքշաբթի, 15 0նոյեմբերին, բոլորն ալ իրենց պարտականութեան եւ պարտաւորութեան գիտակից, պիտի ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն ազգային խումբը, որ 2014-ի Մոնտիալի զտումի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարէ իր հինգերորդ մրցումը` հիւրընկալելով Հարաւային Քորէան:

Share this Article
CATEGORIES