ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ԱՆԻՊԱԼ ԶԱՀԼԷ – ՍԱԺԷՍ ՊԷՅՐՈՒԹ ԵՒ ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ – ՀՈՒՓՍ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգիախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ:
Մութթահետ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի (94-56), այսօր «Սաֆատի» համալիրին մէջ (Թրիփոլի) պիտի հիւրընկալէ Հուփսը:
Վերջինս իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Անիպալ Զահլէի (79-68):
Այսօրուան երկրորդ մրցումին, Զահլէի մէջ Անիպալ Զահլէ պիտի հիւրընկալէ Սաժես Պէյրութը:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին Սաժես մրցում չկատարեց` նկատի ունենալով, որ Պիպլոսի դէմ տեղի ունենալիք մրցումը յետաձգուեցաւ մինչեւ հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 18:00-ին:
Վաղը` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, Ռիատի Պէյրութ, Մանարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պաժժէն, իսկ Հաուշ Ումարա` Անդրանիկ Պէյրութը (Զահլէի մէջ): Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 19:00-ին, անշուշտ եթէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ժամերու փոփոխութիւն չկատարէ:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն Ռիատի Պէյրութ 93-50 արդիւնքով յաղթեց Հաուշ Ումարայի, մինչ Պաժժէ 104-85 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շանվիլէն:

