ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ (16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ). ԱՅՍՕՐ` ԼԻԲԱՆԱՆ – ՃԱՓՈՆ

Լիբանանի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու կազմը

Այսօր` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի կ՛ունենան Վիեթնամի մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը պիտի մրցի Ճափոնի դէմ: Մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ Ճօ Մաժաղես երէկ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինք մեծ յոյսով է, որ իր կազմը յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողի ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ մարզիկներուն տրամադրութիւնը բաւական բարձր է, մանաւանդ որ երէկ հանգիստի օր ըլլալուն շնորհիւ անոնք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս լաւ տրամադրուած են այս մրցումին:

Եթէ Լիբանան յաջողի շրջանցել Ճափոնը, կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Չինաստանը:

Share this Article
CATEGORIES