ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ ԵՐՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Թուրքիոյ Իզմիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 16 տարեկանէն վար Ողիմպիական Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը: Կարէն Գրիգորեան, Յովհաննէս Կապուզեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Արման Միքայէլեան միակն ըլլալով պարտուեցաւ:
Ինչ կը վերաբերի Բ. հանգրուանին, Հայաստան 4-0 արդիւնքով յաղթեց Մոլտաւիոյ, իսկ Ա. հանգրուանին 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Ա. խումբը:
Մոլտաւիոյ դէմ վերոնշեալ չորս պատանիներն ալ յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Ա. հանգրուանին Գրիգորեան, Կապուզեան եւ Յարութիւնեան յաղթանակ արձանագրեցին: Հայաստանի միակ հաւասարութիւնը արձանագրեց Զոհրապ Ապրեսեան:
Նշենք, որ ճատրակի այս ողիմպիականը կ՛աւարտի 31 հոկտեմբերին:
Այսօր, Դ. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան պիտի մրցի Վրաստանի դէմ, որ իր կարգին արձանագրած է երեք յաղթանակ: Երեք յաղթանակ արձանագրած երրորդ եւ վերջին խումբն է Ազրպէյճան:
Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք 26 խումբերուն մէջ այժմ Հայաստան 10,5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Վրաստան (10 կէտ) եւ Ազրպէյճան (9 կէտ): 4-րդ դիրքին վրայ է Հնդկաստան (8 կէտ), իսկ 5-րդ դիրքին վրայ` Ռուսիա (8 կէտ):


