ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ
ՍՈՒՐԻԱ
ԱՆՏՈՆ ՍՐԿ. ԹԱՀԱՆԻ
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 11 սեպտեմբերին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ` Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Պետրոս արք. Միրիաթեանի, խարտաւիլակութեամբ` Հռոմի Լեւոնեան հայկական վարժարանի մեծաւոր` Գէորգ Ծ. վրդ. Նորատունկեանի, Անտոն սրկ. Թահան ընդունեց քահանայական կարգը:
Պետրոս արք. Միրիաթեան փոխանցեց իր հայրական պատգամը: Ան նորօծ քահանային ուշադրութեան յանձնեց հինգ հիմնական հանգամանքներ, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ օրինակելի վարդապետ դառնալ. «Սիրելի՛ որդեակս Անտոն, դուն այսօր կանչուած ես քահանայութեան, եւ որպէսզի դառնաս օրինակելի քահանայ եւ քու բարի համբաւդ օրինակ ծառայէ ուրիշներուն ապա պէտք է քահանայութեանդ ողջ ընթացքին ուշադրութիւն դարձնես Պետրոս առաքեալի նամակներէն մէկուն մէջ նշուած հինգ սկզբունքներուն` հօտի հսկում, հովութիւն յանուն Տիրոջ, հովութիւն խանդավառութեամբ եւ անձնուիրումով, հօտին բարի օրինակ ծառայելով»:
Արարողութենէն ետք նորօծ քահանան` Անտոն վրդ. Թահանն եւ ծնողքը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները:
ԹԵՀՐԱՆ
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`
ԻՐԱՆ-ԻՐԱՔ ՊԱՐՏԱԴՐԵԱԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Իրանի մէջ Պաշտպանութեան շաբթուան առիթով, նախաձեռնութեամբ Ազգային իշխանութեան, Իրան-Իրաք 8-ամեայ պարտադրեալ պատերազմի տարիներուն իրենց կեանքը Իրանի հողային ամբողջականութեան ճամբուն նուիրաբերած հայ նահատակներու յիշատակին 30 սեպտեմբերին Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի:
Ս. պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը իր քարոզին ընդմէջէն վեր առաւ նահատակութեան իմաստն ու հայ նահատակներու անմոռաց յիշատակը եւ մեծարեց անոնց դերը` երկրի հողային ամբողջականութեան պահպանման ի խնդիր:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբ) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ- ընդունելութիւն:
Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առաւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեան, որ մեծարելով հայ նահատակներու անմոռաց յիշատակը` նշեց, որ ի յարգանք անոնց թափած արեան` տակաւին կան անաւարտ մնացած շատ քայլեր ու ծրագիրներ, որոնք պիտի իրականացուին մօտ ապագային:
Ձեռնարկի ընթացքին պատերազմի տարիներու ազատորդի Արման Բանդարի ամփոփ կերպով ներկայացուց վերջերս հանրապետութեան նախագահի գրասենեակին կողմէ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու «Ռահիանէ նուր» ծրագրի շրջագիծին մէջ պատերազմի տարիներու ռազմաճակատներ հանդիսացած տարածքներ վերջերս կատարած այցելութիւններու մասին:
Ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց նաեւ Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան Գէորգ Վարդանեան:
Եզրափակիչ բաժնով օրհնութեան խօսք ուղղեց թեմի առաջնորդը:
ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ
ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ
Ս. ԱՄԵՆԱՓՐԿՉԵԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՏՕՆԸ
17 հոկտեմբերին Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ նշուեցաւ վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք` Ս. Յովսէփ Արեմաթացու աջմասունքով, իսկ Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ, զանգակատան կողքին, ուր ամփոփուած էին բարերարներու եւ հոգեւորականներու աճիւնները, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի տաղանդաշատ երիտասարդները եւ պատանիները` ասմունքներով եւ մեներգերով: Յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Շահինշահրի «Նարօտ» մանկապատանեկան երգչախումբը:
Հարկ է նշել, որ գեղարուեստական յայտագիրը իրագործուեցաւ «Նարօտ» երգչախումբի ղեկավար Անանիա վրդ. Գուճանեանի, Հ. Մ. «Արարատ» միութեան «Կռունկ» ասմունքի խումբի ղեկավար Ռիմա Սիմոնեանի եւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբի ղեկավար Արմէն Ամիրխանեանի ջանքերով:
Ձեռնարկի աւարտին իրենց հայրական օրհնութիւնը փոխանցեցին Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Բաբգէն եպս. Չարեան:
ԻՐԱՔ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ
20-ԱՄԵԱՅ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
19 հոկտեմբերին Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Մուրատ Մուրատեան, որ ներկայացուց Հայաստանի պետականաշինութեան 20-ամեայ ուղին` անդրադառնալով երկրի ձեռքբերումներուն եւ նուաճումներուն, տնտեսական եւ քաղաքական յաջողութիւններուն: Հայաստանի դեսպանը նշեց, որ անցնող 20 տարիներու ընթացքին Հայաստանը դարձաւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ անդամ եւ յուսալի գործընկեր: Ան շեշտեց Իրաքի հայ համայնքին դերը Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերը աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու գործին մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ այս առիթով պատրաստուած տեսերիզ մը:
ԵԳԻՊՏՈՍ
ԺԻՐԱՅՐ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ «ԿԱՐԻՆԷ» ՕՓԵՐԱՆ
1 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ Գահիրէի «Չաքըր» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ» օփերայի տեսերիզի ցուցադրութիւնը:
«Տիգրան Չուխաճեան» կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փարիզաբնակ Ժիրայր Փափազեան կատարեց երեկոյին բացումը: Ան բացատրութիւններ տուաւ օփերային ստեղծման եւ անոր կորսուած նոթաները գտնելու եւ վերջնական տեսքի բերելու դժուար ընթացքի մասին:
ԹԻՖԼԻՍ
ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
14 յուլիսին Թիֆլիսի պատմական Հաւլաբար թաղամասին մէջ, Թիֆլիսի հայկական պետական թատրոնի շէնքի մօտ գտնուող պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ «Միմինօ» շարժապատկերի հերոսներուն եւ այդ ժապաւէնի բեմադրիչ Կիորկի Դանելիայի նուիրուած յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, խմբաքանդակի հեղինակ Զուրապ Ծերեթելի եւ Վրաստանի ժողովրդական դերասան Վախթանգ Կիկապիծէ: Շնորհաւորանքի խօսքերով ելոյթ ունեցան Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Զաալ Սամատաշվիլի, Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Վրաստանի Առաջին տիկին Սանտրա Ռուլոֆս:
Քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան ներկաներուն տեղեկացուց, որ Դիլիջանի քաղաքապետարանի որոշումով Վախթանգ Կիկապիծէի շնորհուած է Դիլիջանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում:
ՀՈԼԱՆՏԱ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ
20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
15 հոկտեմբերին Հոլանտայի Հերթոխենպոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքի` անկախութեան ձեռքբերման եւ անոր խորհուրդի մասին: Ան ներկայացուց անկախութեան 20 տարիներու ընթացքին Հայաստանի ձեռքբերումները, տնտեսական եւ քաղաքական դժուարութիւնները, որոնք կրցաւ յաղթահարել նորաստեղծ հանրապետութիւնը` գտնուելով շրջափակման եւ պատերազմական վիճակի մէջ, հայ ժողովուրդի համախմբման ու միասնական պայքարի միջոցով: Շեշտելով կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ հայապահպանման հարցին` դեսպանը համայնքային կառոյցի անդամներուն կոչ ուղղեց իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայերէնով կրթութիւնն ապահովելու հարցերը:
Երեկոյի ընթացքին հայկական ազգային երգի, երաժշտութեան եւ հայ բանաստեղծութիւններու կատարմամբ հանդէս եկան համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցի սաները:
Երեկոն եզրափակեց «Կարօտ» պարային համոյթը:
ԼՈՆՏՈՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Լոնտոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հայոց եկեղեցւոյ առաջնորդարանի, կազմակերպութեամբ «Ինվերս» եւ «Ղազար-կալա» մշակութային ընկերութիւններուն, 1 սեպտեմբերին Լոնտոնի «Ռոյալ ֆեսթիվալ հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ «Սպիտակ տեսիլք» խորագիրը կրող համերգ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակին:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Արամ Խաչատրեանի, Կարէն Գրիգորեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը` կատարողութեամբ Ֆիլհարմոնիա նուագախումբի ջութակահար Կարէն Շահգելդեանի, սրնգահար Նելլի Մանուկեանի, կիթառահար Վարդան Գաբոյեանի, թաւջութակահար Պեն Ասատուրեանի, դաշնակահարներ Արեգ Միրզոյեանի եւ Արթուր Բոպիկեանի, մասնակցութեամբ «Ճիւս» խումբին:
ՓԱՐԻԶ
ՓԱՐԻԶԻ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
107-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
2 հոկտեմբերին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ օծման 107-րդ տարեդարձը:
Պատարագը մատուցեց Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ քարոզի ժամանակ խօսեցաւ բարերարութեան խորհուրդին մասին` վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթի, դպրոցներու եւ ընդհանրապէս ազգային կեանքին մէջ բարերարութեան առաքինութիւնը:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ սեղանը` կազմակերպութեամբ Տիկնանց յանձնախումբին եւ Փարիզի ծխատէր հոգեւոր հովիւ Պարթեւ աբղ. Բարսեղեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պարթեւ աղբ. Բարսեղեան եւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մարկօ Գոգորեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին` Ալեքսանդր Մանթաշով, Ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Թամարա Քոչարեան, Գեղամ Թորոսեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան, Պարթեւ աբղ. Բարսեղեան եւ Աւետիս Ա. քհնյ. Պալըգեան:
Ապա խօսք առաւ սրբազան հայրը, որ ներկայացուց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթը` զայն կապելով ներկային հետ: Ան խօսեցաւ գաղութի դիմագրաւած հարցերուն մասին եւ յորդորեց ներկաները հաւաքաբար պայքարելու մեր հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն դէմ:
ՌՈՒՍԻԱ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ
20-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
15 հոկտեմբերին Քալինինկրատի Հայ ազգամշակութային ինքնավարութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալինինկրատի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Եուրի Կաճոյեանի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութիւնը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-րդ տարեդարձին:
Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի դեսպան Օլէկ Եսայեան ներկայացուց Հայաստանի 20 տարիներու ձեռքբերումներն ու նուաճումները` յատուկ անդրադարձ կատարելով հայ-ռուսական փոխյարաբերութիւններու բարձր մակարդակին եւ շեշտելով կարեւորութիւնը հայ համայնքի դերին` երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ:
Նահանգապետ Նիքոլայ Ցուքանով շնորհաւորեց ներկաները` նշելով, որ հայ համայնքը իր զգալի աւանդը ունի նահանգի տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Ապա ան սրբապատկեր մը նուիրեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յաջողութիւն մաղթեց հայ ժողովուրդին:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նշենք, որ նախքան ձեռնարկը, դեսպան Օ. Եսայեան շրջեցաւ հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ, այցելեց հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, պատկերասրահ, համերգային դահլիճ եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի: Ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ համայնքային գործիչներու հետ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ
Կազմակերպութեամբ Հայ ազգային կրթական խորհուրդին, 1 հոկտեմբերին Արեւելեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար` մասնակցութեամբ հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն: Սեմինարին նպատակն էր արծարծել այն հարցերն ու դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւեն վարժարանները ներկայիս:
Խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Մսըրլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Ան հաստատեց, որ հայ ուսուցիչը իր լաւագոյնը կու տայ, որպէսզի հայկական ոգին արթնցնէ եւ փոխանցէ աշակերտներուն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Քարոլին Շմաւոնեան մաղթեց, որ յաջող սեմինար մը ըլլայ: Ան բացատրեց, որ իւրաքանչիւր շաբաթ ուսուցիչները պատասխանատուութիւն ունին երիտասարդութեան սորվեցնելու հայոց լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ:
Այնուհետեւ Հայ ազգային կրթական խորհուրդի տնօրէն Վարդան Մաթէոսեան ներկայացուց խորհուրդին աշխատանքը:
Սեմինարի դասախօսներէն տոքթ. Արսինէ Օշականի նիւթն էր` «Նոր եղանակ, նոր նպատակ»: Ան բացատրեց, որ «Նոր եղանակ»` կը նշանակէ գտնել միջոց մը, որ իրենց մտածելակերպը փոխեն, իսկ «նոր արդիւնք» պէտք է, որպէսզի բացատրուի, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւրը ընտրած է ուսուցչական ասպարէզը:
Խորհուրդի անդամ տոքթ. Ասպետ Վասիլեան խօսեցաւ հայկական վարժարաններու մասին: Ան հրաւիրեց խորհուրդի անդամ Սօսի Էսաճեանը, որ խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին` Ուոթըրթաունի հայկական վարժարանին մէջ:
Աւարտին Յարութիւն Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն եւ դասախօսներուն:
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ
ՄԱՐԱԹՈՆ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ
Հովանաւորութեամբ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղին, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանին, Արժանթինի խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ ազգային կեդրոնին, Պուէնոս Այրեսի մարզական քարտուղարութեան, 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ մարաթոն` «Հայաստա՛ն, վազիր, յանուն հաւասարութեան եւ յիշողութեան» խորագրով, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին:
Աւարտին Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարմիրշալեան եւ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներ պարգեւներ եւ յուշանուէրներ յանձնեցին մարաթոնի յաղթողներուն:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

