ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻ՛ ՇՓՈԹԵՐ ՍԱՆՁԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երջանկաբեր ու յաջողակ կեանք մը ապրելու մարմաջը ստէպ մարդուս նպատակակէտը ու թիրախը դարձած է: Չկայ արարած մը, որ չուզէ իր համակ կեանքը երջանիկ ապրիլ, ուրախութեամբ անցընել ամէն մէկ քայլափոխ` ինքզինք հեռու պահելով տրտմաթախիծ պատահարներէ ու տխրութիւն պատճառող դէպքերէ: Սա բնական երեւոյթ մըն է:

Իւրաքանչիւր գոյակ իր կեանքի վերիվայրումներով ու ելեւէջներով, նուաճումներով ու ձախորդութիւններով, իր կեանքի ալեբախութիւններով ու նաւաբեկումներով, կամայ թէ ակամայ ենթակայ է ե՛ւ երջանկութեան, ե՛ւ տխրութեան: Մանկավարժական փորձարկումներու եւ հոգեբանութեան սահմանած տեսութիւններու վրայ հիմնաւորուելով` փաստուած է, թէ մանկական կանուխ տարիներէն սկսեալ մարդկային հոգին կը ձգտի երջանկութեան: Երջանիկ ես, երբ կեանքդ առանց նեղութեան ու դառնութեան կ՛անցընես: Երջանիկ ես, երբ կեանքի պայմաններդ ու պարագաներդ ապահով են ու ո՛չ մէկ անձի օգնութեան կարիքը կը զգաս: Երջանիկ ես, երբ կը տեսնես աղքատ մը, բայց դուն քեզի փառք կու տաս նման թշուառ վիճակի չմատնուելուդ համար: Երջանիկ ես, երբ քու հաճոյաձիգ ցանկութիւններուդ յագուրդ կու տաս` ինքզինքդ մեղսալիր վիճակի մը մատնելով: Գերերջանիկ ես, երբ «կե՛ր, ա՛րբ, ուրախ լե՛ր», «հագուէ՛, շքուէ՛ ու պտտէ՛», «շաղակրատէ՛, զրախօսէ՛ ու բամբասէ՛» կենցաղակերպերը կեանքի բնական ուղեգիծդ դարձուցած ես ու հաճոյքը` յարադէտ նպատակդ… Դիմակազարդուա՛ծ երջանկութիւն…

Երջանկութիւնը առհասարակ սահմանուած է որպէս բարօր վիճակ մը, որ յարաբերաբար մարդկային այլ տրամադրութիւններու` աւելի մնայուն է ու գերազդեցիկ: Անիկա կը յատկանշուի յոյզերով` սկսելով գոհունակութեան զգացումէն եւ հասնելով մինչեւ բերկրալից իրավիճակի: Ուրախութիւնը, ոմանց կարծիքով, կացութիւններու, դէպքերու, պայմաններու ծնունդ է: Ոմանց համար ալ երջանկութիւնը ինքնաբաւականութեամբ, ինքնագոհունակութեամբ ձեռք բերուած հոգեվիճակ մը չէ երբեք, այլ անիկա նպատակադրուած առաջադրանքի իրագործում ու պսակում է: Իսկ ոմանք ալ իրենց երջանկութիւնը կը գտնեն յաւիտենութեան մէջ` իրենց կեանքի նժարը ծանրացնելով իրենց ապրումներով, սիրալիր յարաբերութիւններով ու աստուածահաճոյ գործունէութիւններով:

Անսահման ուրախութեան եւ կեանքի միակ բալասանի մասին խորհելով` շատեր իրենց հարստութիւնը կը փնտռեն նիւթական հարստութեան մէջ: Այսպէս, անոնք կը պատճառաբանեն` ըսելով, թէ դրամը կեանքի բանալին է, լուծումը` կեանքի հանելուկին, եւ միակ միջոցը` անոր ամէնէն կնճռոտ դժուարութեանց: Ըսուած է, թէ` «Դրամը չարիք մըն է, երբ նպատակ է, բայց կրնայ ըլլալ բարիք մը, երբ գործածուի իբրեւ միջոց` բարի նպատակի համար»: Հաւանաբար նիւթականը կրնայ քեզի լաւ կեանքի պայմաններ ընձեռել, կեանքդ բարգաւաճ ու քեզ առերես բոլորին սիրելի դարձնել, ժամանակաւորապէս ու մակերեսայնօրէն երջանկացնել, սակայն չի կրնար բնա՛ւ քու կեանքդ ապահովագրել, պուտ մը գգուանք, նշոյլ մը ժպիտ, պտղունց մը անկեղծութիւն պարգեւել քեզի ու հոգեկան գերերջանկութիւն առթել:

Կայ տակաւին երջանկութեան միւս բացասական երեսը: Ներկայ դարուն երիտասարդութեան ամէնէն փափաքած բուռն ցանկութիւնն է` ազատութիւնը: Երիտասարդութեան տարիքը հազիւ թեւակոխած պարման-պարմանուհիներ ազատ ապրելու տենչանքով, իրենց որոշադրումներն ու երազները ազատութեամբ մարմնաւորելու ու իրագործելու յամառութեամբ, կ՛ուզեն ձերբազատիլ իրենց ծնողական «ժամանակավրէպ» ու «բռնատիրական» օրէնքներէն: Բնականօրէն նմանօրինակ անհեթեթ ասոյթներ ու տհաճ վերաբերմունքներ արդիւնք են երիտասարդի իմացապէս յառաջացման ու զարգացման, մարմնապէս ու հոգեմտապէս աճման: Երիտասարդը հազիւ ըղձանուշ ու անսպասելի ազատութեան տիրացած` իսկոյն ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ կեանքի ճեպընթաց յորձանքին, ուր ներկայ են խառնակեցութեան, թմրամոլութեան, հաճոյապաշտութեան, անառակ կեղծպարիշտ ընկերութեան, սեռային անյագ յարաբերութիւններու, անօրէնութեան, զեղծարարութեան, մարմնին վրայ տմարդի դաջուածքներ գծագրելու, ընկերութեան վնաս հասցնելու երփներանգ բարոյալլկող սովորութիւնները, ցոփ ցանկութիւններն ու թակարդները: Սիրելի՛ երիտասարդ, ուղիղ եւ ճշմարիտ ազատութիւնը ամէն ինչ ընելու, ամէն ձեւով ապրելու երեւոյթ մը չէ երբեք. ասիկա անիշխանութիւն եւ ստրկամտութիւն մըն է, որ մարդու բանաւոր նկարագրին չի պատշաճիր բնաւ: Ազատութիւնը ա՛յն ատեն իրաւ ազատութիւն է, երբ միտքը ազատօրէն կ՛ընկերանայ դատողութեան, որպէսզի արթուն վիճակով ընելիքը խորհի, ընտրէ եւ գործէ: Այլապէս մեր արարքները կ՛ըլլան կա՛մ բնազդային, կա՛մ անգիտակից եւ կամ ստիպեալ, բռնադատեալ:

«Կանայի զուարթ ակումբներուն» մնայուն յաճախորդներ եւս կը գտնուին մեր կեանքի թատերաբեմին մէջ: Հաճոյամոլութեան ախտով կուրացած մարդիկ յաճախ ափ կ՛առնեն քաղցրահամ խօսքերով զիրենք գրկաբաց ընդունող «ակումբ»ները, ուր կան միայն հաճոյք, ժամանց, «աներեւակայելի» ուրախութիւն, արբեցում, մոլութեանց բազմադիմի տեսակներ… Քիմքիդ քաղցր թուացող այդ չարախինդ հաճոյքները կրնան ժամանակաւորապէս քեզի հաճելի թուիլ, սակայն վստահ գիտցիր, որ ժամանակ մը ետք այդ բոլորը քեզի նողկանք պիտի պատճառեն: Եպիկուրեան փիլիսոփայութեան տեսութիւնը զուր տեղը չէ ըսած. «Ընտրէ այն ցաւը, որուն կը յաջորդէ հաճոյքը, մերժէ այն հաճոյքը4 որուն կը յաջորդէ ցաւը»: Աստուած երբեք հաճոյքին հակառակ չէ, այլ ընդհակառակը, քեզ ստեղծած է, որպէսզի վայելես այս աստուածատուր ու հրաշագեղ ստեղծագործութիւնը ու կեանքդ հաճոյացնես, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ Աստուծոյ աչքին հաճոյ եւ սահմանաւորեալ շրջագիծի մէջ:

Երջանկանանալու կամ երջանկաւէտ կեանք մը ստեղծելու ձգտումը պէտք չէ շփոթել սանձարձակութեան հետ: Իրենց կեանքի հորիզոնականին վրայ միջին եզր մը ունենալու փոխարէն` մարդիկ սիրայօժար կերպով թոյլատրած  եւ ընդունած են սանձարձակութեան ու ծայրայեղութեան մոլուցքները, որոնք իրենց կարգին քեզ զազիր մեղքի կ՛առաջնորդեն: Յովհաննու Աւետարանին մէջ կը կարդանք Քրիստոսի մէկ խօսքը` մարդուն վրայ մեղքին ունեցած տիրապետութեան հանգամանքին մասին, ուր կ՛ըսէ. «Լաւ գիտցէք, թէ ո՛վ որ մեղք կը գործէ, ծառայ է մեղքին» (Յհ. 8.34): Մեղքը իր անդիմադրելի հրապոյրներով, իր բազմակերտ առինքնող հնարամտութիւններով շատ դիւրութեամբ կը սողոսկի ու կը մտնէ մեր ներաշխարհը` մեր հոգիին անբիծ շուշաններուն ու քնքուշ ծաղիկներուն վրայ սրսկելով իր մահաբեր թոյնը: Սակայն զարմանալին այն է, որ 21-րդ դարու երիտասարդը ո՛չ միայն ծառայելու հպատակութիւն կը յայտնէ մեղքին, այլեւ ստրկանալո՛ւ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ անոր` մոռնալով մեծ բռնաւորին` մեղքին գործած կործանարար աւերումները:

Սիրելի՛ ընթերցող, նիւթական աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, հոգեկան արժէքներու հետամուտ ըլլալն է, որ կեանքին իմաստ ու խորք կու տայ: Սանձարձակութիւնը մեղքով քու հոգիդ ու ողջ էութիւնդ կը շղթայէ` քեզ նուաստացնելու, գերեվարելու ու կեանքդ իմաստազուրկ դարձնելու աստիճան: Աստուած քեզ չէ ստեղծած տխրալից կեանք մը ապրելու, այլ` երջանիկ կեանք մը ապրելու համար: Կեանքիդ մէջ գիտցիր, թէ ո՛ր ուրախութիւնը իսկական երջանկութիւնն է, եւ ո՛ր ուրախութիւնը` խորխորատ առաջնորդող եւ քեզ ապերջանիկ դարձնող:  Չափաւորէ՛ կեանքդ եւ ըստ այնմ առօրեադ արժեւորէ, որովհետեւ վաղը հաւանաբար ո՛ւշ ըլլայ…

Հալէպ-Սուրիա

Share this Article
CATEGORIES