«ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»
ԱՆԺԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ
Հայաստանեան պատկերասփիւռային Հ1 պետական կայանէն ամէն կիրակի երեկոյեան հեռասփռուող «Երգ երգոց» յայտագիրը դարձաւ ամէնէն ժողովրդականն ու փնտռուածը Հայաստանէն մեզի հասնող բոլոր հեռուստահաղորդումներուն մէջ: Եթէ «Հայլուր»ը մեզի կը հասցնէ քաղաքական, միջազգային, ընկերային, մշակութային եւ այլ նորութիւններ, անդին` կան նաեւ բազմաթիւ այլ հաղորդումներ, որոնք անընդհատ կը բանան մեր պատմութեան ու մշակոյթի լայնածիր հորիզոնները: Այսպէս, «Երգ երգոց»ի գլխաւորութեամբ, «Հայոց հարց»ը, «Հայ ասպետ»ը, «Ինչո՞ւ է աղմկում անցեալը» եւ «Առաջին այրեր» շարքերը, Արփէն Մովսիսեանի եւ Ժիւլիէթ Կաժոյեանի հաղորդաշարերը ոչ միայն բաց համալսարանի դերը կը կատարեն մեզի համար, այլ նաեւ գեղարուեստական վայելքի անկրկնելի պահեր կը հրամցնեն մշակութային առումով սովի մատնուած սփիւռքին:
Այս հաղորդումներէն ոմանք թերեւս այնքան ալ ընկալելի չեն միջին մակարդակի սփիւռքահայուն համար, բայց «Երգ երգոց»ը մատչելի է մեծին թէ փոքրին, զարգացածին եւ ոչ զարգացածին, նոյնիսկ` ինքզինք լիարժէք հայ զգացողին, որովհետեւ անիկա հիմնականօրէն երգ կը մատուցանէ ու կը գտնէ այնպիսի նրբութիւններ, որ այդ երգը սիրեն ու փնտռեն բոլորը:
Կ՛ուզեմ քանի մը մտորումներ յանձնել ընթերցողներու ուշադրութեան` այդ հաղորդաշարի յայտագիրներուն ու բերած նորութիւններուն մասին, որոնք երաժշտական հաղորդումէ մը ի վեր` մշակութային խնճոյքի կը վերածեն հաղորդաշարը:
ա) Երգերու բազմազանութիւն
Ամէն շաբաթ յայտագիրը նուիրուած է տարբեր նիւթի մը: Սիրային-քնարական, ազգային-հայրենասիրական, ժողովրդական-ազգագրական, յեղափոխական-մարտական եւ այլ բնոյթի մեր երգերը կը տողանցեն մէկ առ մէկ` մեր մէջ արթնցնելով համապատասխան զգացումներ: Երբեմն յայտագիրը նուիրուած կ՛ըլլայ անհատ երաժիշտի մը գործերուն, երբեմն` բանաստեղծի մը խօսքերով գրուած երգերուն, երբեմն` ժողովրդական երգերու անհատական մշակումներուն, դասական գործերու մաս կազմող առանձին երգերու, մէկ խօսքով` մեր երգային ամբողջ գանձարանը շռայլօրէն կը մատուցուի անմնացորդ նուիրումով մը: Յաճախ կը վերյիշենք մեր մանկութեան երգերը, մոռացութեան մատնուած գաւառական երգեր, եւ որքան լաւ է, որ կը վերակենդանանան անոնք` նոր շունչ առնելով: Անհրաժեշտ է, որ երգը երգուի, որպէսզի կեանք ունենայ. եթէ գոյատեւէ միայն երգարաններու մէջ, կը վերածուի թանգարանային արժէքի, մինչդեռ անիկա կարեւոր դեր ունի կատարելիք մեր մշակութային դիմագիծի պահպանման աշխատանքին մէջ: Այս պատճառով ալ երգի դասերը ոչ միայն անպակաս պէտք է ըլլան մեր դպրոցական ծրագիրներէն, այլեւ ամէն դպրոց ունենալու է իր երգչախումբը, որուն մէջ ազատօրէն մուտք ունենան բոլոր երգասէր աշակերտները` անկախ իրենց ձայնային տուեալներէն:
բ) Երգերու նորովի մեկնաբանութիւններ
«Երգ երգոց»ի յայտագիրներուն մէջ, որքան ալ մեզի ծանօթ երգեր ըլլան մատուցուածները, անոնք միշտ կը կրեն նոր ժամանակներու դրոշմը: Ի վերջոյ, երգիչները նոր սերունդի ներկայացուցիչներ են եւ իրենց անձնական մօտեցումով, նոր դարձուածքներով ու ելեւէջներով, նոր շեշտադրումներով ու կատարողական վարպետութեամբ կը մեկնաբանեն երգերը, որոնք հետաքրքրութիւն կ՛արթնցնեն մեր մէջ եւ միաժամանակ հաճոյք կը պատճառեն: Կան մարդիկ, որոնց ականջները սովոր են հինին, ընկալելու դժուարութիւն ունին նորը, բայց այդպիսիները որքան շատ մտիկ ընեն, այնքան շուտ պիտի վարժուին նաեւ նորին ու սիրեն զայն: Երգիչները կարծես մրցակցութեան ելած են` զարմացնելու ունկնդիրները իրենց ձայնային ու կատարողական վարպետութեամբ, ու այս ազնիւ մրցակցութիւնը կ՛առաջնորդէ կատարողական աւելի նուրբ ու բարձր մակարդակի դրսեւորման:
գ) Նուագախումբի ու երգիչներու կատարեալ ներդաշնակութիւն
Ընդամէնը քանի մը գործիքներէ բաղկացած է նուագախումբը, բայց ստեղծուած երաժշտութիւնը այնքան նրբօրէն կը ներդաշնակուի երգին, որ նոյնիսկ կը շեշտէ մեղեդիներուն գեղեցկութիւնը եւ յուզականութիւնը, տողերուն կշռոյթը կամ երգիչներու ձայնային տուեալները: Այս է պատճառը հաւանաբար, որ հանդիսատեսները բարձր կը գնահատեն ու բուռն ծափահարութիւններ կը շռայլեն նուագողներուն աշխատանքին: Երգը նախ եւ առաջ երգ է, այսինքն` խօսքի եւ երաժշտութեան համադրութիւն, մինչդեռ մեր առօրեային մէջ յաճախ կը լսենք այնպիսի կատարումներ, որոնց ընթացքին երաժշտութիւնը կը խլացնէ մեր ականջները եւ ոչինչ կը հասկնանք խօսքերէն:
դ) Երաժշտագէտներու կամ երգի առնչուած հեղինակաւոր անձերու ներկայութիւն
Այս հիւրերը յատուկ ընտրուած մարդիկ են, որոնք մէջընդմէջ կը հրաւիրուին իրենց կարծիքը յայտնելու երաժշտութեան, խօսքերուն, օրուան նիւթին կամ երգիչի մեկնաբանութեան մասին: Ընդհանրապէս հայրենի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ են անոնք եւ իրենց հարուստ գիտելիքներով ու յուզաշխարհով կը փորձեն ճոխացնել բովանդակութիւնը յայտագրին: Կարելի չէ չհիանալ այդ մարդոց, որոնք հարուստ են կեանքի փորձով ու արուեստի, մասնաւորաբար երաժշտութեան մասին լայն իմացութեամբ: Յայտագրին հմայքը կ՛աւելցնեն անոնց յիշողութիւնները, փորձառութիւնները, մեկնաբանութիւնները կամ պարզապէս զգացական անդրադարձները:
ե) Յայտագրին սկիզբը եւ իւրաքանչիւր երգէ ետք կարճ հատուածներով կը ցուցադրուին անցեալի դէպքերը` նոր, նուրբ ու սրամիտ մեկնաբանութիւններով: Գեղարուեստական կամ վաւերագրական ժապաւէններէ կատարուած այդ մէջբերումները ցուցադրելով հինը` կը հակադրեն զայն նորին կամ երբեմն ալ հինով կը պայմանաւորեն նորը: Այս բաժինը եւս ուսանելի շատ կողմեր ունի: Կը յիշենք մեր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը, կը գիտակցինք, թէ արժէքաւոր հինը երբեք ժանգ չի բռներ, այլ ընդհակառակը` բոլոր նոր արժէքներուն ենթահողն է անիկա:
զ) Խորէն Լեւոնեան հաղորդավարը
«Երգ երգոց»ի յայտագիրներուն մէջ կը տեսնենք խորամիտ, ճկուն, մաքուր հայերէնի տիրապետող ու խօսելու հմայք ունեցող հաղորդավար մը` յանձին Խորէն Լեւոնեանի: Ժապաւէններու մէջ ճանչցած էինք զայն` որպէս դերասանի, իսկ այս հաղորդաշարին մէջ կը ներկայանայ որպէս հանդիսասրահ մը մագնիսացնող անգերազանցելի վարպետ: Անկասկած որ անոր բարետես արտաքինը չէ միայն ատոր պատճառը: Խորէն Լեւոնեանը խմբավարական փայտիկը միշտ ունի իր ձեռքին ու վարպետօրէն կ՛առաջնորդէ խումբին տարբեր բաժինները, ունի գիտելիքներու լայն պաշար, յուզական ներաշխարհ ու չափի գիտակցութիւն:
Ահաւասիկ այն տուեալները, որոնք Հայաստանէն մեզի հասնող հաղորդումներուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը վերապահեն «Երգ երգոց»ին: Անիկա մտնելու է ամէն հայու տուն, ոչ միայն որովհետեւ երգը անհրաժեշտ է ամէն մարդու կեանքին մէջ, այլ նաեւ անոր համար, որ հա՛յ երգն է մատուցուածը` երբեմն գարնանային երփներանգ գոյներով, երբեմն աշնանային մեղեդայնութեամբ, երբեմն ձմրան նման տխուր կամ ամրան պէս տաք ու շոյող ջերմութեամբ…
Այս բոլորով պէտք է լեցնենք մեր առօրեան, մեր զաւակներուն կեանքը, մեր աշակերտներուն հոգին, մեր ակումբներուն սրահները թէ միջանցքները, մեր բոլո՜ր հաստատութիւնները:

