«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՆՈՐԱՑՈՒԱԾ ՁԵՒՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՄԻԱՑՆԵՍ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՏՈՒԵԱԼ ԿՏՈՐԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆՁԵՌԱԾ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ՄԻՇՏ ՊԱՀԵԼՈՎ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Կիպրոս, Նիկոսիա ծնած, 4-5 տարեկանէն Պէյրութ փոխադրուած, Թեքելեան երաժշտանոցին մէջ եւ Պօղոս Ճելալեանի հսկողութեամբ երաժշտական դասերու հետեւած, 18 տարեկանին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած եւ արուեստի, յատկապէս հայկական հարազատ ժողովրդային երաժշտութեան նկատմամբ ուրոյն սէր ու յարգանք ունեցող Արա Սարգիսեան շարունակած է արուեստի ուղին` մասնագիտանալով երաժշտանոցի ու համալսարանի մէջ, մինչեւ որ մագիստրոսի տիտղոսի տիրանայ երգագրութեան-յօրինումի բնագաւառի մէջ: Ներկայիս ան կը զբաղի երկու ճիւղաւորումներով` դասական երաժշտութիւն կը շարունակէ, բայց նաեւ ունի ճազի եւ հայկական ժողովրդական երաժշտութեան խառնուրդի նկատմամբ հետաքրքրութիւն, զոր զարգացուցած է` հիմնադրելով «Մուսաներ» կոչուած խումբը: Արա Սարգիսեանի հետ զրոյցին ընթացքին յատկանշական եւ բացայայտ է անոր մօտ գոյութիւն ունեցող բծախնդրութիւնը` հայկականն ու հարազատը իր բիւրեղութեան մէջ պահելու, հայ ժողովրդական երգին կշիռը պահպանելով հանդերձ, զայն նոր եւ արդի պարունակի մէջ դնելու` հայ երգը մատչելի եւ հետաքրքրական դարձնելով նոր սերունդին համար: «Մուսաներ» խումբին կատարումները ունկնդրողն ալ ուրիշ կարծիք չի կրնար ունենալ, հոն կան` հարազատութիւն, հայկականութիւն եւ միեւնոյն ատեն մատուցման ձեւին մէջ` նորութիւններ, յատկապէս աւանդականը արդիականին միացնելու հմուտ արուեստին պատճառով:
«Ազդակ» Արա Սարգիսեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` իր եւ խումբին տարած աշխատանքին աւելի լայնօրէն ծանօթանալու համար: Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
«Ա.».- Դասականն ու ճազը միացնել ըսելով` ի՞նչ կը պատկերացնենք: Մշակումնե՞ր կ՛ընես:
Ա. Ս.- Մշակումներ կ՛ընեմ, գործիքաւորումներ` ժողովրդական երգերու, սակայն նաեւ տարբեր մեղեդիներ կամ երգեր իրարու միացնելով` ուրիշ յօրինում մը ստեղծելու աշխատանք կը տանիմ: Այսինքն, ընդհանրապէս, երբ կը մշակեն ժողովրդական երգերը, զայն կ՛առնեն այնպէս, ինչպէս որ կայ, գունաւորում կու տան, գործիքաւորման շերտերը կը փոխեն, որոշ դաշնաւորումներ կը փոխեն: Բայց իմ ըրածս անկէ քիչ մը տարբեր է. ես կտորին կը մօտենամ իբրեւ լուրջ յօրինում եւ ժողովրդական մեղեդիները կամ, այսպէս ըսուած, գործիքաւորումներն ու մշակումները կ՛աշխատիմ դէպի տուեալ կառուցուածք մը առաջնորդել եւ բոլորին տալ նոր պարունակ մը:
«Ա.».- Ուրեմն նաեւ դուն երգեր կը գրես: Ի՞նչ նիւթեր կ՛ընտրես ընդհանրապէս:
Ա. Ս.- Իմ երգերս առանց խօսքի են, թէեւ շուրջ 7-8 տարի առաջ 5 երգ գրած եմ Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութիւններով, սակայն բառեր ունեցող միակ գործերս եղած են անոնք: Իմ գործերս ընդհանրապէս գործիքային երաժշտութիւն են:
«Ա.».- Նաեւ կը ղեկավարես երաժշտական խումբ մը: Խօսինք այդ մասին եւս:
Ա. Ս.- Խումբը կը կոչուի «Մուսաներ». վերջին 2-3 տարիներուն ընթացքին Սի. Տի. մը հրատարակեցինք, արդէն երկրորդին վրայ կ՛աշխատինք, եւ եթէ նիւթական իմաստով ամէն ինչ լաւ ընթանայ, անիկա լոյս աշխարհ կու գայ: Այս խումբն է, որ այս գործով կը զբաղի` ժողովրդական եւ արդի գործիքներով հայկական մեղեդիներ մեկնաբանել: Մեծ ճազային խումբի համար գրուած մշակումներ կը մեկնաբանենք, կան նաեւ իմ գրած գործերս, որոնք ժողովրդային մեղեդիներ չեն, բայց նման են անոնց:
Ըսեմ, որ խումբը կը բաղկանայ տասը հոգիէ. երեքը հայեր են, ինն Միացեալ Նահանգներ կը բնակին, իսկ մէկը` տուտուկահարը, Հայաստան կը բնակի: Ան մէկ տարիով Պոսթըն կը գտնուէր, այդ հանգրուանին ձայնագրութիւններ կատարեցինք եւ Սի. Տի.ն պատրաստեցինք: Երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ ելոյթներ ունենանք, հայաստանաբնակ մեր ընկերը չի գար, իսկ երբ Եւրոպա մեկնելիք ըլլանք, անոր հետ կը համադրենք, որպէսզի մեզի միանայ:
Խումբին մէջ կայ տուտուկահարը, միւս հայը կը նուագէ շուի, զուռնա, տհոլ եւ նման գործիքներ, կայ փողային մասը` երեք հոգիէ բաղկացած, տարբեր չափի սաքսոֆոններ նուագողներ, կան հարուածային գործիքները` թմբուկը, ձեռնադաշնակը, եւ ես` խումբի ղեկավար եւ դաշնակահար:
2007-ի հոկտեմբերին սկսանք մեր աշխատանքներուն, ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նուագենք, Պոսթըն նուագած ենք, արդէն ճազի երեք տարբեր վայրերու մէջ նուագեցինք Պոսթընի մէջ: Նշեմ, որ այս մէկը ընելը դիւրին չէ, երկու տարի աշխատեցանք, որպէսզի առիթ տրուի ճազի յատուկ վայրերու մէջ հանդէս գալու, բայց եւ այնպէս մեծ թիւով ներկայութիւն կայ ելոյթին, մեծ խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն ստեղծուեցաւ: Նախորդ տարի գացինք Իտալիա` հրաւիրուելով Իտալական մշակութային կազմակերպութեան կողմէ, տուինք երկու համերգ, սրահը ամբողջովին լեցուն էր: Գացինք նաեւ Զուիցերիա` Ցիւրիխ, ուր ճազի ակումբներէն մէկուն մէջ շատ յաջող համերգ տուինք: Մեզի համար ալ զարմանալի էր այդ յաջողութիւնը, օտարներուն ներկայութիւնը: Թէեւ հայերը օգնեցին, որպէսզի վայրը ապահովենք, բայց սրահը լեցնողները մեծ մասամբ օտարներ էին: Ներկայիս աշխատանք կը տանինք համերգներով հանդէս գալու այլ երկիրներու մէջ եւս: Խումբին աւելի մօտէն ծանօթանալու համար կարելի է այցելել մեր կայքէջը` http://lucentmusic.com/musaner:
«Ա.».- Խումբը Հայաստանի մէջ ելոյթներ ունեցա՞ծ է: Արդեօք ծրագիր կա՞յ Լիբանանի մէջ ելոյթներ տալու:
Ա. Ս.- Ես անձնապէս աշխատանքներ կատարած եմ Հայաստանի մէջ, սակայն «Մուսաներ»ը` ոչ: Գիտէք, որ արդէն շուրջ երկու տարի կը տեւէ, որ նման խումբ մը կարելի ըլլայ որոշ մակարդակի հասցնել եւ տուեալները ունենալ ելոյթներու համար մեծ գումարներ պահանջելու: Կը կարծեմ, որ արդէն այդ մակարդակին հասած ենք, եւ այսօր ճակատաբաց կրնամ երթալ ու տարբեր կազմակերպութիւններէ նիւթական պահանջներ ունենալ: Եւրոպայի մէջ ունեցած մեր յաջող ելոյթներէն ետք բաւական բան փոխուած է այս իմաստով:
Հարցը այն է, որ ես այս ծրագիրը անձնական նախաձեռնութեամբ կը կատարեմ, ուրեմն քիչ մը կազմակերպչական եւ նիւթական դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնիմ, այդ պատճառով ալ տասը հոգի երկրէ երկիր փոխադրելու համար շատ մեծ աշխատանքի կարիք կայ: Մեծ փափաք ունիմ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ ելոյթներ ունենալու, բայց հաւանաբար հովանաւորի եւ կազմակերպիչ մարմինի կարիք կայ: Լիբանանի մէջ նման ելոյթ կազմակերպելը նաեւ դաստիարակիչ կ՛ըլլայ այն իմաստով, որ մեր տղաքը կը տեսնեն, թէ իրենց թաղերուն մէջ ապրած տղայ մը այսօր առանձինն ի՛նչ աշխատանք տարած է, իրենք եւս կը մտածեն հայկական արժէքներու պահպանման համար աշխատանք տանելու մասին: Յոյսով եմ, որ կատարածս տեսնելով` մեր լիբանանահայ երիտասարդները հպարտ կ՛ըլլան անով: Նպատակս հարազատն ու ճշգրիտը անոնց մատուցելն է, որպէսզի անոնք եւս տեսնեն ամէն տեսակի երաժշտութիւն, ապա կարենան ընտրել որակաւորն ու անորակը: Խումբին պատկերը եւս հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ տարբեր մասնագիտութեան եւ ինքնութեան տէր մարդոց համախմբում է. արդարեւ, կան սփիւռքահայեր, հայաստանցի, օտարներ, տարբեր միջավայրերէ եկած մարդիկ համախմբելով` շատ իւրայատուկ եւ հայկական բանի մը ծնունդ կու տանք: Շատեր կը կարծեն, թէ հայկականութիւն պահպանելու համար անպայման հայկական ձեւով պէտք է ընել, սակայն այդպէս չէ. արժէքաւոր եւ որակաւոր բան մը ընելու համար պիտի օգտագործես համաշխարհային արժէքներ` միշտ քու մակարդակդ պահելով: Ցաւ ի սիրտ, այսօր մենք այն ժողովուրդը չենք, որ ուրիշներուն սորվեցնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բարձր մակարդակով երաժշտութիւն, հաւանաբար հին ատեն այդպէս էր, հիմա այդպէս չէ: Մենք միջազգային արժէքներէն պէտք է օգտուինք եւ զանոնք օգտագործենք մերը հասանելի դարձնելու համար: Ճիշդ չէ այն մօտեցումը, որ մենք տուեալ բան մը այսպէս պէտք է ընենք, որովհետեւ մենք` հայերս, աւանդաբար այդպէս կ՛ընենք: Կ՛ուզէի օգնել հայ ունկնդիրին, որ հասկնայ այս նրբութիւնը. եւ ասիկա միայն երաժշտութեան չի վերաբերիր, կեանքի մէջ ամէն ինչի համար կրնայ այդպէս ըլլալ: Մենք նուազ հայ չենք ըլլար, եթէ ուրիշէն բան մը սորվինք աւելի զարգանալու եւ բարգաւաճելու համար: Քու մշակոյթի արժէքներդ չեն աղաւաղուիր, եթէ ուրիշին արժէքներով հարստացնես զանոնք:
«Ա.».¬ Ձեր յայտագիրներուն մէջ ի՞նչ կը ներառէք, միայն հայկակա՞նը, թէ՞ օտար ալ:
Ա. Ս.¬ 70 առ հարիւրը յատուկ ժողովրդային գործեր ունին իրենց մէջ. կտորներ չեն, այլ սերտուած ձեւով միացած են իրարու` ամբողջական կտոր մը ստեղծելու միտումով: Այդ ժողովրդային կտորներուն առնչութեամբ եւ զանոնք իրարու կապելու համար ես կը գրեմ այլ լրացուցիչ գործեր: Այս ամբողջութիւնը կը կազմէ ծրագիրին շուրջ 70 առ հարիւրը: Մնացեալ 30 առ հարիւրին մասին չեմ կրնար օտար ըսել, այլ կրնանք նշել, որ անոնց մէջ զուտ ժողովրդային մեղեդի չկայ. այս բաժինը իմ գրած ստեղծագործութիւններս են. երբեմն-երբեմն կը ներկայացնենք նաեւ Պալքանեան ժողովրդական գործեր, բայց մեծ մասը հայկական են ու տարբեր ձեւի, ժամանակի եւ հեղինակի կը պատկանին. օրինակ` ունինք կոմիտասեանը, համշէնի երաժշտութիւնը, Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի ժողովրդային տարբեր կտորներ: Ասոնց մէկ մասը ծանօթ չէ ժողովուրդին, պրպտելով հին գիրքերը` հանած եմ զանոնք, կան նաեւ հանրածանօթները:
Մատուցման ատեն թէեւ կան` տուտուկը, տհոլը, շուին եւ մեր աւանդական նուագարանները, սակայն կայ նաեւ ճազի խմբային ընկերակցութիւնը: Այս մասին ըսեմ, որ ես կը մտածեմ ու երգին կը մօտենամ այնպէս, որ ոչ թէ ժողովրդական կտորը առնեմ եւ ուրիշ գոյնով ներկեմ, այլ կը ջանամ անոր նոր պարունակ եւ նոր շրջանակ տալ, որպէսզի ան տարբերի սովորականէն: Կրնամ ըսել, որ գործերուն մեծ մասը արդի է, իսկ միւս մասը կը պահէ իր դասականութիւնը. իւրաքանչիւր ժողովրդական երգ ի՛նք կը ստիպէ մշակումները, որովհետեւ բոլորը նոյնը չեն, նոյն չափի եւ ձեւի արդիականութեան հետ քայլ չեն կրնար պահել: Սովորաբար, երբ ուրիշներ աւանդականը արդիականացնել ուզեն, կ՛առնեն որեւէ կտոր, անոր մէջ քիչ մը փոփոխութիւններ կը կատարեն ու կը ներկայացնեն: Մեր ըրածը ուրիշ է, երաժշտական ծիր մը կու տանք եւ գործը ատոր մէջ կը տարածուի, այս նպատակով մենք կ՛օգտագործենք ճազային լեզուի ճկունութիւնը, որովհետեւ անիկա բաւական յարմարող է: Ըսեմ, որ ես դասական երաժշտութիւն ուսանած եմ եւ ոչ ճազային, այդ պատճառով ալ հաւանաբար դասականին արժէքն ու կշիռը կը պահեմ` առանց ազդուելու ճազի ընդհանուր մթնոլորտէն, այլ կը փորձեմ պատշաճութեան եւ երաժշտական մեղեդիի հանդուրժած չափով ճազով ներկայացնել զայն եւ արդիական շունչ մը տալ: Հաւանաբար մեր գործերը այդ պատճառով ալ աւելի լայն ընկալում ունին, որովհետեւ մեր մեկնաբանութիւնները զուտ ճազային չեն, այլ դասական ելեւէջներ ու նրբութիւններ կան հոն: Չկան ճազային աւանդական երաժշտութիւնները, պարզապէս մենք ճազի թեքնիքը կը գործածենք: Այսինքն ես ձեւով մը միացուցած եմ իմ դասական երաժշտութեան գիտութիւնս, ժողովրդական երգերու նկատմամբ սէրս ու յարգանքս, նաեւ ճազային ճկունութիւնը` ծնունդ տալով նորի մը, որ բաւական հետաքրքրական է:
«Ա.».¬ Դասականին սովորաբար կը մօտենանք` իբրեւ հինի, աւանդականի: Դուն հինը կ՛առնես եւ նորին կը միացնես, որպէսզի ուրիշ նոր մը ստեղծուի` հինը հիմք ունենալով: Հինին եւ նորին միացումը, կամրջումը որքանո՞վ դժուար է, եւ արդեօք բոլոր դասական գործերը կարելի՞ է այս մշակման ենթարկել:
Ա. Ս.¬ Այս մէկը ընելու համար մէկը պէտք է միացնէ գիտութիւնն ու յարգանքը, այդպէս մօտենայ հայկական ժողովրդային ստեղծագործութեան եւ այդպէս նորացուած ձեւ տայ անոր: Եթէ գիտութիւնը ունիս եւ գիտես, թէ ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն յարգանքով պիտի վերաբերիս այս գործին հետ, անոր արժէքին եւ իմաստին լաւապէս ծանօթ ըլլաս, անհրաժեշտ ժամանակն ու ուշադրութիւնը տաս, կրնաս յաջող կերպով կատարել այս աշխատանքը: Անհրաժեշտ է գիտնալ երգին բառերը, ընկալել, թէ անոր արժէքին աղբիւրը բառե՞րն են, մեղեդի՞ն է. թէկուզ մենք չենք երգեր, բայց երգին իմաստը գիտենք: Եթէ յարգանք եւ գիտութիւնը իրարու քով դնես, արդէն շատ լաւ եւ մաքուր արդիւնքի կը հասնիս: Ճիշդ է, որ թեքնիք իմաստով այս մէկը ընելը այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երգի մէջ այդքան բարդ հարցեր ու նրբութիւններ կան, որ պէտք է զգուշ ըլլալ, նուագարանային բաժանումները ճիշդ կատարել, որպէսզի ամէն մէկ գործիք իրեն համապատասխան արժէքը եւ դերակատարութիւնը ունենայ, անտեղի ու բռնազբօսիկ չըլլայ անոր ներկայութիւնը: Երգին ամբողջ տեւողութեան ամէն մէկ երաժշտական գործիք իր տեղն ու ճիշդ դերը պէտք է ունենայ արուեստի գործի մատուցման մէջ: Ինծի համար կարեւոր է գիտնալ, թէ ընդհանուր պարունակին մէջ դնելու համար տուեալ երգը, այս կամ այն գործիքը ի՛նչ դերակատարութիւն պէտք է ունենայ, որքա՛ն տիրական պէտք է ըլլայ անոր ներկայութիւնը եւ այլն, որպէսզի լսողը մեր մշակած պարունակը, ձեւերը, վերիվայրումները լաւապէս ընկալէ: Կան քիչ թիւով ճազային խումբեր, որոնց անդամներէն իւրաքանչիւրը դեր մը ունեցած ըլլայ, գիտնայ, թէ երբ ի՛նչ պիտի ընէ. ազատ ձգուած գործիք գոյութիւն չունի մեր մօտ, նրբութիւնները ճիշդ լսելի դարձնելու համար ամէն մէկը պաշտօն ունի ընդհանուր պարունակը կազմելու եւ զայն իր ամբողջութեան հասցնելու համար: Իւրաքանչիւր նուագող գիտէ, թէ ինք ե՛րբ գլխաւոր դեր պիտի կատարէ, ե՛րբ պիտի ըլլայ երկրորդական կամ երրորդական նուագակցող, նաեւ կայ ճիշդ եւ հեզասահ փոխանցում կատարելը, որպէսզի անհեթեթութիւններ դուրս չգան: Եթէ այս բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին պիտի չմտածես, այդ գծով աշխատանք պիտի չտանիս, շատ դիւրին կ՛ըլլայ դասականը իբրեւ նորացուած ներկայացնելը, ինչպէս որ կ՛ընեն շատեր, բայց արդիւնքը գոհացուցիչ չ՛ըլլար: Մեր նպատակը այդ չէ երբեք:
Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ բախտաւոր եմ այն իմաստով, որ շուի նուագողը շատ մեծ գիտութիւն ունի տարբեր ժողովրդային երգերու պատմութեան, ան լաւապէս գիտէ, թէ իւրաքանչիւր երգ ի՛նչ ձեւով պէտք է մատուցել, ինծի կ՛օժանդակէ, որպէսզի գիտնամ ժողովրդային երգի դասական ու հին ճշգրիտ ներկայացման ձեւը: Այլ խումբեր տուտուկը կամ շուին արդի ձեւով կը նուագեն, բայց մեր մօտ տուտուկն ու շուին կը նուագեն հինն ու դասականը իրենց մաքրութեամբ ու հարազատութեամբ, ինչպէս որ եղած է եւ պէտք է շարունակուի: Մենք կ՛օգնենք, որ նոր եզր մը կամ պարունակ մը ունենալով` դասական երգը հասնի նոր սերունդին. թերեւս տուտուկն ու շուին առանձին այդքան ալ հետաքրքրական պիտի չըլլան, բայց հիմա որ նոր պարունակի մէջ կը դնենք դասականը, անիկա աւելի գրաւիչ կ՛ըլլայ:
«Ա.».¬ Քիչ առաջ ըսիք, որ խումբին անդամներուն մեծամասնութիւնը օտար է, ինչպէս նաեւ յիշեցինք, որ օտար միջավայրերու մէջ կը նուագէք` օտար հանդիսատեսը ունկնդիր ունենալով: Արդեօք թէ՛ ձեր խումբի անդամները եւ թէ՛ օտար ունկնդիրները կը ծանօթացնէ՞ք մատուցուած հայկական կտորին իմաստին, անոր ծագումնաբանութեան եւ այլն: Թէեւ բառեր չէք գործածեր, սակայն նուագը նոյնիսկ պէտք է համապատասխան զգացումներով եւ ձեւով ներկայացուի:
Ա. Ս.¬ Մենք ելոյթներ ունեցած ենք հայկական եւ օտար շրջանակներու մէջ: Սովորաբար քանի մը երգը անգամ մը կարճ ներկայացումով կը խօսինք իւրաքանչիւր երգի մասին, կը յիշենք, թէ անիկա ո՛ր շրջանէն եկած է, կը բացատրենք երգին իմաստը, կը ծանօթացնենք հայկական գործիքները: Մեծ համերգներու ընթացքին սովորաբար գրքոյկներ կը հրատարակենք եւ այս բոլորը կը բացատրենք ժողովուրդին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի նուագողներուն, փորձերու ընթացքին սովորաբար կը խօսինք երգերուն մասին, սակայն` ոչ այդքան մասնագիտական ձեւով, որովհետեւ իմ ըրածս ժողովրդական երգի մասնագիտութիւն եւ խումբին միջոցով անոր պահպանման աշխատանք չէ: Յատկապէս կը խօսիմ այն մասին, թէ երգը ուրկէ՛ պիտի սկսի ո՛ւր երթալու համար, շեշտը կը դնեմ անոր իմաստը ժողովուրդին փոխանցելու մանրամասնութիւններուն վրայ. ինչպէս ըսի, երբ իւրաքանչիւրը տուեալ կտորի մատուցման ընթացքին իր դերակատարութիւնը գիտնայ, արդէն կը խորանայ երգին մէջ եւ համապատասխան ձեւով կը մատուցէ: Երգին ընդհանուր իմաստին մասին անպայման կը խօսիմ փորձերուն ընթացքին:
«Ա.».¬ Դասականը նորացուած ձեւով ներկայացնելը նաեւ կ՛ենթադրէ երիտասարդութիւնը ներգրաւել եւ աւանդականին ծանօթացնել: Այս մէկը ձեր նպատակներուն մաս կը կազմէ՞:
Ա. Ս.¬ Երբ սրահին լոյսերը վառին, ո՛ւր ալ գտնուիմ, կը նայիմ ներկայութեան պատկերին եւ կը տեսնեմ, որ թէ՛ երիտասարդներ կան եւ թէ՛ երէց սերունդի պատկանողներ: Պէտք է ըսեմ, որ տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան այնքան աղաւաղուած եւ անճաշակ բաներ ներկայացուած են, որ բաւական երկար ժամանակի կը կարօտի լաւին ու վատին միջեւ տարբերութիւնը զգալու եւ տեսնելու ունակութեան տիրապետելու: Երիտասարդութիւնը չէ յանցաւորը, որովհետեւ իրեն մատուցուած նոր բաները ընդհանրապէս անորակ նոր բաներ են: Յոյսով եմ, որ երիտասարդութիւնը առիթ կ՛ունենայ այսպիսով հարազատին ծանօթանալու: Հետաքրքրական կ՛ըլլայ նաեւ տասը նուագողներու ներկայութիւնը, անոնց շարժուձեւերը, մատուցման եղանակը:
Ցիւրիխի մէջ ներկաներուն մեծ մասը 40 տարեկանէն նուազ էին, մեծ խանդավառութեամբ եւ գոհունակութեամբ ունկնդրեցին մատուցուածը:
«Ա.».¬ Արդեօք կը մտածե՞ս հետագային նաեւ երգիչ մը միացնել խումբին, որպէսզի երգերը նաեւ իրենց բառերով ներկայացուին:
Ա. Ս.¬ Մտածած եմ այս մասին, սակայն ցարդ յարմար անձը չեմ գտած, որ ճիշդ ձեւով, առանց մատուցուածէն զիջում կատարելու կարենայ մեկնաբանել երգը: Երգիչը պէտք է աւելցնէ մեր ըրած գործին վրայ եւ ոչ թէ զիջում ենթադրէ: Ինծի համար տուտուկն ալ երգիչ է, շուին ալ, սաքսոֆոնն ալ, դաշնակն ալ: Կը կարծեմ, թէ մեզի հետ եթէ քանի մը երգ մեկնաբանող ալ ըլլայ, լաւ կ՛ըլլայ, բայց ես ցարդ նման անձի մը չեմ հանդիպած, ինչպէս է պարագան խումբի իւրաքանչիւր անդամի:
«Ա.».¬ Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները:
Ա. Ս.¬ Ծրագիրները շատ են, սակայն, ինչպէս ըսի, ամէն ինչ կ՛ընեմ առանձին, ատոր համար ալ կը դժուարանայ մեր աշխատանքը, ելոյթները եւ այլն: Ես թէ՛ երաժշտութիւնը պիտի գրեմ, թէ՛ խումբին պիտի սորվեցնեմ, թէ՛ կազմակերպչական աշխատանք պիտի տանիմ, սրահը վարձեմ, այլ դասաւորումներ ընեմ: Եթէ հովանաւոր մը գտնեմ, անպայման ամէն ինչ կը դիւրանայ եւ մեր աշխատանքը աւելի արագ կը զարգանայ: Այս բոլորէն բացի, խումբին հետ ունեցած աշխատանքներուս կողքին, կան իմ դասական աշխատանքներս, յօրինումներս, որոնց պէտք է նուիրուիմ առաւել եւս:
Ըսեմ, որ նուագած եմ նաեւ Արթուր Մեսչեանի խումբին հետ, Տիգրան Մանսուրեանի գործերը նուագած եմ: Երկուքին արուեստին շատ քաջածանօթ եմ, այդ պատճառով ալ հետաքրքրական է այս աշխատանքը կատարել: Թէեւ յօրինողի եւ գեղարուեստական ղեկավարի դերէն այն ատեն կը մտնեմ կատարողի դերակատարութեան, ինչ որ լրիւ տարբեր է «Մուսաներ»ուն հետ ունեցած ելոյթներէս: Այս նուագակցութիւնները թէեւ ժամանակէս, ներուժէս եւ կեդրոնացումէս շատ բան կը խլեն այդ հանգրուանին, բայց եւ այնպէս կը հարստացնեն, կը թարմացնեն: Ասիկա շատ բան կը սորվեցնէ ինծի, նաեւ կը սորվիմ` ինչպէ՛ս պէտք է յարաբերիմ խումբի անդամներուն հետ, երբ նուագակցողի դերէն վերադառնամ գեղարուեստական ղեկավարի դերին:
Ծրագիրներ շատ կան, կը մնայ անոնց իրագործման կարելիութիւնները ապահովել, բայց եւ այնպէս աշխատանքը անպայման կը շարունակուի:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

