ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2011-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ բացումը կատարուեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի Հայ կիներու հոգեւոր լսարանին: Բացման արարողութեան ընթացքին Քրիստոնէական բաժանմունքի վարիչ Մասիս վրդ. Զօպուեան ողջունեց ներկայ հաւատացեալները եւ անոնց ներկայացուց լսարանի յայտագիրը:

Նկատի ունենալով, որ 2011 տարին վեհափառին կողմէ «Հայ մանուկի տարի» հռչակուած է, Սուրբ գրոց սերտողութիւնները կեդրոնացած պիտի ըլլան մանուկին վրայ: Արդ, 2011-ի վերջին եռամսեակը կը կրէ  հետեւեալ խորագիրը. «Հայ մանուկը` մեր Եկեղեցւոյ ու Ազգին ապագան»: Հայր սուրբը շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սերունդներու առողջ կազմաւորման ու պատրաստութեան համար, մանաւանդ ծանրացաւ մանուկին ընծայուելիք յատուկ գուրգուրանքին վրայ` վեր առնելով անոր ֆիզիքական ու մանաւանդ հոգեւոր ու ազգային կրթութեան եւ կազմաւորման անփոխարինելի անհրաժեշտութիւնը:

Սուրբ գրոց սերտողութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00: Անոնց ընթացքին միաբան հայրեր հերթական դրութեամբ պիտի կատարեն սերտողութիւնը, իսկ ներկայ հաւատացեալները աղօթքներով, շարականներով եւ սաղմոսերգութեամբ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն:

Share this Article
CATEGORIES