ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂԸ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ` ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋ ԿԵԱՆՔԻՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Առողջ կենցաղը նախապայման` սեռային առողջ կեանքին» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Վարուժ Պետիրեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ ներկայացուելիք նիւթը: Մկրեան յայտնեց, որ զոյգերու կեանքին մէջ առողջ ապրելակերպը կարեւոր դերակատարութիւն ու անդրադարձ ունի եւ անհրաժեշտ է հոգ տանիլ մարմնին ու նախազգուշութեան համար հետեւողական ձեւով բժշկական քննութիւններ կատարել: Հեռու մնալ մոլութիւններէ, հաւատարիմ ըլլալ կեանքի ընկերոջ: Կարեւոր են մաքրութիւնը, մարմնամարզը, չափաւոր սննդականոնը, ժուժկալութիւնը: Վերջապէս, պէտք է գուրգուրալ Աստուծոյ` մեզի պարգեւած մարմնին վրայ:
Տոքթ. Վարուժ Պետիրեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով առողջութիւն բառին իմաստը: Հաւանաբար նախ եւ առաջ առողջութիւն ըսելով կը հասկնանք հիւանդութիւններէ հեռու վիճակ մը, բայց այս ամբողջական չէ, այլ կը կարօտի յաւելեալ բացատրութեան: Դասախօսը առողջութիւն հասկացողութիւնը ներկայացուց երեք երեւոյթներու ներդաշնակ գոյութեան վիճակին մէջ: Առաջին` հոգեպէս առողջ կը նշանակէ ըլլալ հոգեկան խանգարումներ չունենալ` ապրելով միջավայրի մէջ, որ հոգեպէս հանգիստ է:
Երկրորդ` Ֆիզիքապէս առողջ ըլլալ կը նշանակէ քրոնիկ հիւանդութիւններ չունենալ:
Իսկ Երրորդը` իբրեւ ընկերութիւն ընկերային առողջութիւն-կենցաղային լաւ պայմաններու գոյութիւն` բնականաբար ունենալով լաւ ընտանիք, բնական, բաւարար սնունդի միջոցներ:
Տոքթ. Պետիրեան յաջորդ բաժինով բացատրեց կենցաղ բառին իմաստը, հասկացողութիւնը: Ան բացատրեց, որ կենցաղը այն միջավայրն է, ուր կ՛արտայայտուին մարդ անհատի սնունդի կարիքները, հոգեկան բաւարարութիւնը, մշակութային զարգացումները եւ այլն: Վերջապէս կենցաղը կեանքի ապրելաձեւ մըն է: Ան հիմքն է ընտանիքին: Եթէ կ՛ուզենք լաւ կենցաղ ունենալ, պէտք է ունենանք լաւ ընտանիքներ, ուր տարբեր սերունդներու ներդաշնակ գոյակցութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ կարեւոր յատկանիշը կը կազմէ: Կենցաղ եւ ընտանիք իրար զուգորդուած իրականութիւններ են, երբ մէկը կը գտնուի ոչ առողջ վիճակի մէջ, անպայման նաեւ կ՛ազդուի միւսը:
Դասախօսը նաեւ բացատրեց ընտանիքի կարեւորութիւնը` հիմնական դեր ունենալով ազգի մը պահպանումն ու գոյատեւումը: Ընտանիքը կը ներկայանայ իբրեւ այն բջիջը, ուր տարբեր փորձառութիւններ կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:
Երրորդ բաժինով տոքթ. Վարուժ Պետիրեան խօսեցաւ սեռային առողջ կեանքի հասկացողութեան մասին: Ան ըսաւ, որ մարդ անհատը կը ծնի պատկանելով արական կամ իգական սեռին: Ան յաջորդաբար ներկայացուց մարդ անհատի աճման ընթացքը` հասնելով մինչեւ արբունքի շրջան: Այս շրջանին տարբեր հորմոններու ազդեցութեան տակ, արական թէ իգական, կը զարգանան սեռային երկրորդական յատկանիշներ, որոնք յստակօրէն կը զանազանեն երկու սեռերը իրարմէ:
Տոքթ. Վարուժ Պետիրեան մանրամասնօրէն բաղդատական մը կատարեց սեռային կեանքին վրայ, արեւելեան ու արեւմտեան տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` տալով յաւելեալ բացատրութիւններ ու պատասխաններ:

