«ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ» (ԱՌԻ) ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ. ԱՌԻ-Ի ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԱԾ ԵՆ 85 ՆԵՐԴՐՈՂՆԵՐ` ՇՈՒՐՋ 2 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՒՄԱՐ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼՈՎ
Մեկնելով այն համոզումէն, որ Արցախի գոյատեւման երաշխիքներէն է անոր վերաբնակեցումը եւ հաւատալով, որ վերաբնակեցումը կարելի չէ, եթէ անիկա հիմնուած չըլլայ տնտեսական աշխուժ եւ եռուն ենթահողի վրայ, եթէ վերաբնակողին համար ապահովուած չըլլան բնական կեանք ապրելու տուեալները, լիբանանահայ գործարարներ հիմը դրին «Արցախ ռուց ինվեսթմընց» (ԱՌԻ) ծրագիրին, որ կը միտի սատարել Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ ազատագրուած տարածքներուն մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման: Այս ծրագիրէն գոյացած գումարներով փոխատուութիւններ կը կատարուին փոքր վարկերով, սակայն անոնք կ՛ապահովեն Արցախի մէջ ընտանիքի մը մէկ տարուան կեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն գիւղատնտեսութեան եւ անասնապահութեան զարգացման:
16 ներդրողներով սկսած ծրագիրին այսօր մաս կը կազմեն 85 լիբանանահայ գործարարներ, որոնց ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Ժողովին ընթացքին մանրամասն կերպով ներկայացուեցան ԱՌԻ ծրագիրին օրինական բոլոր տուեալները, անոր նպատակը եւ ցարդ իրականացած աշխատանքին յատակագիծը:
Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ դրուատեց լիբանանահայ գործարարներուն ներդրումն ու խանդավառութիւնը: Ընթերցուեցաւ նաեւ այս առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին` Արա Յարութիւնեանի կողմէ ժողովին ուղղուած նամակը, որուն մէջ ան մեծապէս կը գնահատէր ի գործ դրուած ազգանուէր աշխատանքը, որ կը նպաստէ մեծ թիւով ընտանիքներու կեցութեան, կը զարգացնէ տարբեր մարզեր եւ շրջանին մէջ բնակելու մեծ կարելիութիւններու դուռ կը բանայ:
Ապա ԱՌԻ-ի վերաբերող ամէն տեսակի մանրամասնութիւններու մասին խօսեցան Բենիամին Պչաքճեան եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:
Այս հաւաքին մասին «Ազդակ»ի հետ զրուցելով` ԱՌԻ-ի փոխ գործադիր տնօրէն Բենիամին Պչաքճեան ըսաւ. «Մարտին, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը Լիբանան այցելեց, ան տեսակցեցաւ լիբանանահայ գործարարներու հետ: Անկէ ետք 69 գործարարներ միացան ԱՌԻ ծրագիրին, եւ այսօր մեր ընդհանուր թիւը 85 է, իսկ հաւաքուած գումարը մօտաւորապէս երկու միլիոն տոլար է: Այսօրուան ժողովը առաջին հանդիպումն է` բաժնետէրերուն բաժնետոմսերը տալու, համաձայնագիրները ստորագրելու եւ անոնց զեկուցելու, որ այս եօթը ամիսներուն ընթացքին ի՛նչ կատարուեցաւ թէ՛ գործի օրինականացման իմաստով, եւ թէ՛ Արցախի մէջ` գետնի վրայ տեղի ունեցածին մասին: Այսօր 200 ընտանիքներ օգտուած են այս ծրագիրէն, ցած տոկոսներով, երկարաժամկէտ վարկերէ օգտուած են, եւ անոնք առանց որեւէ դժուարութեան իրենց պարտքերը կու տան արդէն: Ծրագիրը բնականաբար պիտի շարունակուի, այսօր 200 ընտանիք օգտուած են, սակայն մեր թիրախը այդ թիւը 600-ի հասցնելն է: Հետաքրքրական է, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ հայ գործարարներ քով-քովի կու գան եւ միասնաբար այսպիսի ծրագիրի մը կը նախաձեռնեն, յատկապէս Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ ներդրում կատարելու համար: Այսինքն, բաւական լուրջ գործ է եղածը, յոյսով ենք, որ այս աշխատանքը թափ կ՛առնէ եւ միւս գաղութներուն ալ վարակիչ կը դառնայ, որպէսզի իրենք եւս մասնակցին այս ծրագիրին: Մեր հեռակայ նպատակը այն է, որ այս գումարները այնպիսի մակարդակի մը հասցնենք, որ անոնք Ղարաբաղի տնտեսական վերելքին մեծ թափ տան. այլեւս փոքր նուիրատուութիւններով եւ պզտիկ ծրագիրներով կարելի չէ այդ շրջանի տնտեսական վերելքը ապահովել: Պէտք է կատարուին լուրջ ներդրումներ, որոնք այդտեղի ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնեն եւ հոն ապրելու կացութիւն մը ապահովեն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիբանանահայ գործարարներուն մօտ ծրագիրին նկատմամբ առկայ շատ մեծ վստահութիւնը ի՞նչ հիմք ունի` Բ. Պչաքճեան ըսաւ. «Վստահութիւնը քանի մը հիմք ունի. նախ այս ծրագիրը որոշ փորձառական շրջան մը անցուց, նախքան այս մասին հրապարակումներ կատարելը, եւ այդ հանգրուանը բաւական լուրջ եւ հիմնաւորեալ էր: Կայ նաեւ այն, որ ծրագիրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութեան զօրակցութիւնը կը վայելէ. վերջ ի վերջոյ այս գումարներու վերադարձը ապահովուած է պետութեան կողմէ: Նաեւ մեր գործունէութիւնը թափանցիկ է, ամէն իմաստով յստակ եւ բաց քաղաքականութիւն որդեգրած ենք եւ ճիշդ այս նպատակով է, որ այս ժողովը կ՛ընենք, որպէսզի ներդրող գործարարներուն ներկայացնենք մեր նիւթական ամբողջական պատկերը եւ ըսենք, թէ ապագայի իմաստով ի՛նչ ակնկալութիւններ ունինք: Այս բոլորը վստահութիւն եւ հանգստութիւն կը ներշնչեն:
«Ազդակ»ի հարցումին, թէ արդեօք ԱՌԻ-ի պատասխանատուները գետնի վրայ տարուած աշխատանքին կը հետեւի՞ն, փոխ գործադիր տնօրէնը նշեց. «Տարուած աշխատանքին հետեւելու եւ զայն հսկելու իրաւունքը ամրագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան հետ մեր ստորագրած համաձայնագիրով: Մենք երիտասարդ տղաք կ՛ուղարկենք` ստուգելու համար, թէ վարկ ստացող գիւղացիները արդեօք ճիշդ ստացա՞ծ են, արդեօք դժուարութիւններ ունի՞ն իրենց պարտքը մարելու, խախտումներ կա՞ն, թէ՞ ոչ: Փառք Աստուծոյ, մինչեւ այսօր մեր բոլոր ստուգումները հաստատած են, որ ամէն ինչ տեղին է ու ճշգրիտ»:


