ՏԵՍԱԿԷՏ. «ԷՇ ՀԵԾՆԵԼԸ` ՄԷԿ ԱՄՕԹ, ԷՇԷՆ ԻՋՆԵԼԸ` ԵՐԿՈՒ ԱՄՕԹ»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վանի շրջանին մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն ետք, Թուրքիա մերժեց միջազգային օժանդակութեան առաջարկները, եւ անոր վարչապետը` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, հերթական պոռոտախօս յայտարարութեամբ մը նշեց, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանձինը յաղթահարելու աղէտի հետեւանքները: Եւ ահա այդ բոլորէն հազիւ քանի մը օր ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Թուրքիա պատրաստ է միջազգային օժանդակութիւն ընդունելու այն երկիրներէն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած էին մասնակցելու աղէտի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն:

Երկու ազդակներ թրքական իշխանութիւնները մղեցին իրենց կեցուածքը շրջելու: Միջազգային լրատուամիջոցներ խիստ կերպով քննադատեցին այլ երկիրներու կողմէ օժանդակութեան առաջարկները մերժող թրքական կեցուածքը` զայն իրաւամբ կոչելով «անմիտ պարծենկոտութիւն» մը: Շուտով` այդ ազդակին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ կլիմայական ազդակը: Արդարեւ, Վանի շրջանին մէջ ջերմաստիճանը երեկոյեան սկսաւ զերօ աստիճանի նուազիլ, եւ յառաջիկայ օրերուն շրջանին մէջ առատ ձիւն կը սպասուի: 20 հազարի հասնող անտուն դարձած քաղաքացիներուն ձիւնի եւ կլիմայական ցուրտ պայմաններու տակ անպատսպառ մնալու երեւոյթը ոչ միայն Էրտողանի յայտարարութեան սնամէջութիւնը պիտի պարզէր, այլ` թրքական իշխանութիւնները առաւել եւս թիրախ դարձնէր ներքին եւ միջազգային խիստ քննադատութեանց:

Այսպիսով` երկրաշարժէն հազիւ չորս օր ետք, Օսմանեան կայսրութեան միջազգային դիրքին վերատիրանալու ձգտող Թուրքիոյ ինքնաբաւութեան ու չափազանցեալ զօրութեան առասպելը չքացաւ, իսկ էրտողանեան մեծամտութիւնը մեծ հարուած մը ստացաւ: Առարկայական անշրջելի եւ անխուսափելի պայմանները եկան պարծենկոտ Էրտողանին յիշեցնելու իրեն ծանօթ ասացուածք մը. «էշ հեծնելը` մէկ ամօթ, էշէն իջնելը` երկու ամօթ»:

 


Share this Article
CATEGORIES