ԻՐԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱԼԻԵՒԻ ԴԷՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԿՍԵԼՈՒ
Ազրպէյճանական «Ազատլըք» օրաթերթը կը գրէ, որ Իրանի հոգեւորականութիւնը ազրպէյճանցիներուն կոչ կ՛ուղղէ` Ալիեւի դէմ սրբազան պատերազմի սկսելու: Օրաթերթը կը նշէ, որ Իրանի Քում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է յատուկ խորհրդաժողով, որուն ընթացքին քննարկուած է Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող իսլամոֆոպիայի մթնոլորտը:
«Ազատլըք» կը հաղորդէ, որ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ մեծ այաթոլլա Մեհմետպաղիր Թահրիրի արտասանած իր խօսքին ընթացքին քննադատած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, մասնաւորաբար` դպրոցներուն մէջ լաչակի արգիլման վերաբերեալ որոշումին համար, եւ կոչ ուղղած է հասարակութեան հակաիշխանական զանգուածային ցոյցերու սկսելու:
«Այդ գործողութիւնները յարիր չեն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութեան, եւ ատիկա այլեւս կարելի չէ շարունակել», նշած է այաթոլլան: Ան անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի իսլամական կուսակցութեան ղեկավարին ձերբակալութեան եւ նշած, որ Պաքու պէտք է չեղեալ յայտարարէ լաչակի դէմ դրուած արգելքը եւ ազատ արձակէ իսլամականները:

