«ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՌՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՈՒԺԵՂ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ

Նախագահ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մոամմար Քազզաֆիի սպանութիւնը բռնատէրերուն ուղղուած ուժեղ պատգամ մըն է:

Ան յայտնեց, որ Քազզաֆի 40 տարի ահ ու սարսափի մթնոլորտի մէջ իշխեց եւ «Արաբական գարնան ճամբով անոր առիթ տրուեցաւ դէպի ժողովրդավարութիւն խաղաղ փոխանցում մը կատարելու: «Մենք իրեն այդ առիթը լայն կերպով տուինք, սակայն զայն չօգտագործեց: Անկասկած, չենք ուզեր տեսնել որեւէ մէկը, որ այսպիսի վերջ մը ունենայ, սակայն կը կարծեմ, որ ասիկա ամբողջ աշխարհի բռնատէրերուն կը փոխանցէ ուժեղ պատգամ մը այն ճշմարտութեան մասին, թէ մարդիկ կ՛ուզեն ազատ ըլլալ, եւ ղեկավարները պէտք է յարգեն մարդոց աշխարհասփիւռ ձգտումները»:

Օպամա ըսաւ, որ տեղի ունեցածը լիպիացիներուն համար «երկարատեւ եւ ցաւալի հանգրուանի մը աւարտն է» եւ ցուցանիշ մը, թէ շրջանին մէջ «երկաթեայ բռունցքի վարչակազմերը» դատապարտուած են գոյութիւն ունենալէ դադրելու:

Ան աւելցուց, որ Քազզաֆի «սարսափելի բաներ» ըրած էր, սակայն նոյնիսկ ան արժանի չէր, որ ամբողջ աշխարհին ցոյց տային, թէ ինչպէ՛ս կեանքի վերջին վայրկեաններուն լիպիացիները կը ծաղրէին զինք: «Կը կարծեմ, որ ատիկա այն բաներէն չէ, որմէ պէտք է բաւականութիւն ստանանք: Կան ննջեցեալներուն նկատմամբ պարկեշտութեան որոշակի արժեչափեր, նոյնիսկ եթէ անոնք սարսափելի բաներ կատարած են», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ երկրին մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան երկարաձգման շուրջ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ, «հակառակ անոր որ ամերիկեան կողմը այս առումով փոխանցման խորհուրդէն պաշտօնական դիմում մը չէ ստացած»: Նշենք, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը յայտարարած էր, որ կը փափաքի, որ ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնը առնուազն երկու ամիսով երկարաձգուի:

Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ լիպիացի ժողովուրդին յեղափոխութիւնը շրջանցելու ճամբով կը ձգտի Լիպիոյ հարստութիւնը կողոպտել: Անդրադառնալով Քազզաֆիի սպանութեան` ան ըսաւ, որ «ոմանք կը կարծեն, որ զինք սպաննեցին, որպէսզի իր դատավարութեան ընթացքին ընտրութիւններուն ընթացքին եւրոպական պետութեանց տրամադրած իր գումարներուն մասին չխոստովանի, ինչպէս նաեւ այն բանին մասին, թէ որո՛ւն հետ կապեր ունէր: Եթէ զինք դատի ենթարկել որոշուած ըլլար, այս հարցերէն շատերը պիտի բացայայտուէին»:

 

Share this Article
CATEGORIES