ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՀԵՐՔԷ, ԻՍԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ԻՐԱՔԻ ՍԱՀՄԱՆԸ ՀԱՏԵԼՈՒ ԼՈՒՐԸ
Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հերքեն այն տեղեկութիւնները, թէ թրքական բանակը մուտք գործած է Հիւսիսային Իրաք եւ այդտեղ լայնածաւալ զրահահրասայլային գործողութիւն կը ծաւալէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ:
Ըստ թրքական բանակի սպայակոյտին, հրասայլերը կը գտնուին միայն սահմանին թրքական կողմը: Տեղեկատուութիւնը երեքշաբթի օր հերքած էր նաեւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Միւս կողմէ, միջազգային լրատուամիջոցները` յղում կատարելով սահմանային զինուորական իրենց աղբիւրներուն, կը նշէին, որ երեքշաբթի օր թրքական ռմբաձիգներ յարձակում գործած են քիւրտ զինեալներու դէմ եւ շուրջ 500 թուրք զինուոր մուտք գործած է Իրաք` ուղղուելով դէպի ՔԱԿ-ի մեծ ռազմաճամբարը:
Միեւնոյն ատեն, «Պի.Պի.Սի.» հերքած է 25 հոկտեմբերին թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան դրուած այն տեղեկութիւնը, թէ թրքական բանակը 1400 քիւրտ զինեալ սպաննած է: «Պի.Պի.Սի.»ի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկութիւնը չի պատկանիր իրեն: Աւելի՛ն. նիւթին մէջ նշուած «Պի.Պի.Սի.»ի թղթակիցը տեղեակ չէ տեղեկութենէն եւ Իրաքի մէջ չէ եղած:

