ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՐԵՍՈՒՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵՑ

Երկրաշարժին յառաջացուցած աւերէն տեսարան մը

Թուրքիա վերջապէս ընդունած է Վանի աւերիչ երկրաշարժէն վնասուածներուն օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներուն օգնութիւնը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը խնդրած է օգնել աղէտի գօտիի բնակչութեան` նշելով երեսուն երկիրներու անուններ, որոնց շարքին` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Թուրքիա պատրաստ է ընդունելու միջազգային օժանդակութիւն այն երկիրներէն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնակցելու աղէտի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն: Անգարա պատկան մարմիններուն հրահանգած է դիմել բոլոր այն երկիրներուն, որոնք նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էին Թուրքիոյ օժանդակելու: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանձինն յաղթահարելու աղէտի հետեւանքները:

Նշենք, որ ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն դարձեալ իր երկրին օժանդակութիւնը առաջարկած է, սակայն Անգարա վստահեցուցած է, որ ինք առանձինն կրնայ աղէտէն վնասուածներուն օժանդակել:

Հակառակ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապին, Թուրքիա Իսրայէլէն եւս պաշտօնապէս խնդրեց օժանդակութիւն ուղարկել, եւ Իսրայէլ ընդառաջելով թրքական խնդրանքին երէկ շարժական բնակարաններով բեռցուած օդանաւ մը ուղարկեց Թուրքիա:

Թրքական «Անգարա» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Հայաստանէն եւս օգնութիւն խնդրած է: Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ Հայաստան առայժմ Թուրքիայէն օգնութեան խնդրանք մը պաշտօնապէս չէ ստացած:

Նշենք, որ միջազգային մամուլը, մատնանշելով երկրաշարժի աղէտալի հետեւանքները եւ աղէտի գօտիին մէջ մարդասիրական օգնութեան խիստ պակասը, սուր քննադատութեան ենթարկած էր Թուրքիոյ իշխանութիւնները:

Թրքական «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Վանի երկրաշարժէն ետք աւերուած բնակարաններու եւ ենթակառոյցներու վերականգնումը առնուազն 2,2 միլիառ տոլար պիտի արժէ: Ընդհանուր առմամբ` Վանի նահանգին մէջ պէտք է կառուցուի 80 հազար շինութիւն` շուրջ 6 քիլոմեթր մակերեսով: Բնակարանային շինարարութեամբ զբաղող թրքական ընկերութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են մէկ տարուան ժամկէտով երկրաշարժէն վնասուածներուն տրամադրել բնակարաններ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պոլիս եւ Իզմիր: Ներկայիս Վանի երկրաշարժէն վնասուածները, որոնց թիւը կը հասնի քսան հազարի, կը բնակին վրաններու մէջ:

Պաշտօնական տուեալներով` զոհերուն թիւը բարձրացած է 459-ի, իսկ վիրաւորներունը` 1352-ի:

Share this Article
CATEGORIES