ԱՍԱՏ – ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ 30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

Արաբական պատուիրակութեան հետ նախագահ Ասատի հանդիպումէն պահ մը

Արաբական լիկային կողմէ Քաթարի գլխաւորութեամբ կազմուած պատուիրակութիւնը երէկ Դամասկոս այցելելով երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Արաբական լիկայի պատուիրակութեան հետ Ասատի հանդիպումին ընթացքին դրական մթնոլորտ տիրած է:

Հանդիպումէն ետք Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապր Ալ Թանի յայտարարեց, որ «նախագահ Ասատի հետ հանդիպումը լաւ էր» եւ հանդիպումին ընթացքին Դամասկոս տագնապի լուծման համար արաբական յանձնախումբին հետ աշխատելու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է` աւելցնելով, որ «հանդիպումը պիտի շարունակենք այս ամսուան 30-ին»:

Նշենք, որ մինչ այդ Դամասկոսի «Ումաուիյին» հրապարակին վրայ արտաքին միջամտութիւնը մերժող եւ ազգային անկախ որոշումին զօրակցող բազմամարդ հաւաք մը տեղի ունեցաւ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ամմանի մէջ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա նախապէս արտայայտած է Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր կեցուածքը, որ այդ դէպքերը կը նկատէ «ցաւալի, իսկ սուրիական կառավարութեան կատարած գործողութիւնները` անմարդկային»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ կացութիւնը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մնացեալ դրացիներուն վրայ ալ կ՛ազդէ:

Տաւութօղլու ցաւ յայտնեց, որ Սուրիա չընդառաջեց Թուրքիոյ պահանջներուն եւ վստահեցուց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Արաբական լիկային եւ միջազգային ընտանիքին հետ գործակցիլ` «սուրիական տագնապին արմատական եւ արագ լուծում մը գտնելու համար»: «Թուրքիա չի կրնար սուրիական կացութեան նկատմամբ աչք խփել, որովհետեւ անիկա բոլոր երկիրներուն համար զգայուն հարց մըն է»:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ժողովրդային ցոյցերու եւ միջազգային պատժամիջոցներու ճնշումին տակ պիտի տապալի, սակայն ատիկա ժամանակի պիտի կարօտի:

 

Share this Article
CATEGORIES