ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետը հանգիստ կը զգայ կառավարութեան նկատմամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մօտեցումէն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման մասին բանավէճը վերջ պիտի գտնէ, երբ կառավարութիւնը միջամտէ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն թիւ 1559 բանաձեւին մասին պիտի ներկայացնէ իր տեղեկագիրը:

ՄԱԶՈՒԹԻ թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, իսկ տիզըլ օյլինը` 300 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Ֆրանսա տեղեակ պահած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, թէ զինք պիտի չընդունի, եթէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը կարելի չըլլայ ֆինանսաւորել: Տահեր աւելցուց նաեւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ ցուցաբերուած «հերոսական» ոճը ոչ մէկ օգուտ պիտի բերէ Լիբանանին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին դաւաճան նկատեց` շեշտելով, որ իրենք վստահութիւն չունին Միքաթիի ընտրանքներուն եւ ծրագիրներուն վրայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ եւ սալաֆականներուն մօտ գտնուած են թռուցիկներ, որոնք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ թշնամական արտայայտութիւններ կ՛ընդգրկեն:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հարցերու լուծման միակ միջոցը ազգային երկխօսութիւնն է: Ան աւելցուց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ամէնէն աւելի յանձնառու է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նկատմամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան նախագահ Անժելինա Այխհորսթ շեշտեց, որ Լիբանանի կողմէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը մերժելու կեցուածքին մասին քննարկումները առկայ են Եւրոպական Միութեան կողմէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը պատրաստուի Լիբանանի կառավարութեան մէջ ընդդիմութիւն դառնալ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ Թարշիշի մէջ ժողով գումարելու նախաձեռնութիւնը կը բխի Թարշիշի մէջ ապօրինի հեռաձայնային գիծերու ցանցերու զետեղման դէմ անոր կեցուածքէն եւ այդ հարցը հետեւողական կերպով հետապնդելու իր նախանձախնդրութենէն: Միւս կողմէ, Մարունի շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է յանձնառու մնայ Լիբանանի ստորագրած միջազգային յանձնառութիւններուն, այլապէս` ան պէտք է հրաժարի:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենք երկրին մէջ տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութեան դէմ չեն, պայմանաւ որ այդ երկխօսութիւնը Հըզպալլայի զէնքին շուրջ որոշ արդիւնքի մը յանգի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման` պատասխանելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յայտարարած ազգային երկխօսութեան կոչին, ըսաւ, որ կարելի չէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին երկխօսութիւն կատարել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ երկրին մէջ փտածութիւնը սրբագրելու նպատակով պէտք չէ համայնքային արգելքներ եւ խոչընդոտներ ըլլան:

«ԻՏԱԼ» ընկերութեան փոխնախագահ Հաուլօ Թլայս մահացաւ` Համրայի մէջ ինքնաշարժի արկածի պատճառով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի իրենց խօսքերը գործի վերածելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ Լիբանանի շահերը կարելի է իրականացնել միայն երկրին ազգային շահերուն կառչած մնալով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ Նիքոլա «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը վաճառելու ու անոր բոլոր հաստատութիւնները ապապետականացնելու նպատակ կար, եւ այդ պատճառով է, որ «Սոլիտեր»ին հեռաձայնային հաղորդակցութեանց յատուկ ցանց մը ունենալու արտօնագիր տրուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES