ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ – ՈՒՈԼԵՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Զօր. Քահուաժի եւ Ուոլես

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի վարչական եւ աղիւրներու հարցերով տեղակալ Ճեք Ուոլեսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքները եւ անոր հայթայթուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները:

Այս ծիրին մէջ, Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ուոլես հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ բազմաթիւ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Ամերիկեան դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան կարիքը ունի գործադրելու միջազգային իր բոլոր յանձնառութիւնները, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

Հաղորդագրութիւնը նշեց նաեւ, որ Ուոլես հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, թէ պէտք է երաշխաւորել, որ Լիբանան չազդուի Սուրիոյ իրադարձութիւններէն: Ուոլես հաստատած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն նախանձախնդիր կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը կերտման:

 

Share this Article
CATEGORIES