ՇԷՅԽ ՔԱՊԱԼԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆcccccccccc
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թեհրանին ուղղուած այն ամբաստանութիւնը, թէ Իրան կը ծրագրէր Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին մահափորձը:
Հանդիպումին ընթացքին նկատել տրուեցաւ, որ ամերիկեան նման զրպարտութիւններ կը միտին միջիսլամական խլրտումներ ստեղծել` իսրայէլեան շահերուն ծառայելու համար:
Պատասխանելով անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին` Ապատի նշեց, որ այդ հարցը հետեւողական քննարկումի առարկայ է, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Քազզաֆի ոչ եւս է:
Իր կարգին, շէյխ Քապալան յայտնեց, որ Իրան ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւող բեւեռ մըն է, որովհետեւ ան նեցուկ կը կանգնի բոլոր անոնց, որոնց դէմ ճնշում կը բանեցուի: «Հետեւաբար` անհրաժեշտ է Իրանը պահպանել եւ զօրակցիլ բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք արդար դատի համար կը պայքարին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ իրենք անշեղ կը մնան Իրանի նեցուկ կանգնելու իրենց սկզբունքներուն եւ կեցուածքներուն մէջ:
Շէյխ Քապալան ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Հիւսէյն Եթիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, շէյխ Քապալան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ` անոր մաղթելով առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում:

