ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՌԻԱՏ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Տաուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մեկնեցաւ Ռիատ` ցաւակցութիւն յայտնելու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Սուլթան պըն Ապտալ Ազիզի մահուան առիթով:

Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, ինչպէս նաեւ խորհրդականներ եւ լրագրողներ:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անոր դերակատարութիւնը` երկրին քաղաքական սուր տարակարծութիւնները հակակշռելու նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES