ԹՐՔԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԱԾ Է

Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը իր առաջին վեհաժողովը գումարեց Ալմաթիի մէջ 21 հոկտեմբեր 2011-ին: Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարուած վեհաժողովը որդեգրեց 49 կէտերէ բաղկացած յայտարարութիւն մը, որուն 24-րդ կէտը, որ ներառուած է «Ապահովական հարցեր» խորագիրին տակ, կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:

Բանաձեւը կը հաղորդէ, որ խորհրդաժողովին մասնակիցները արտայայտուած են Հայաստան-Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութեան մասին, որուն բացակայութիւնը «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հիմամբ յարատեւ կայունութեան եւ շրջանային համագործակցութեան գլխաւոր արգելքն է, եւ վերահաստատեցին իրենց համոզումը, թէ Հայաստան-Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը եւրասիական շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման համար նկատառելի յառաջդիմութիւն մը պիտի ըլլայ»:

Յայտարարութիւնը ստորագրուած է Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի նախագահներուն եւ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղի կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES