ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 հոկտեմբերին ընդունեց Հայ կրթական հիմնարկութեան պատուիրակութիւնը` կազմակերպութեան ղեկավար Վահիկ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատեց Հայ կրթական հիմնարկութեան հայրենանուէր գործունէութիւնը Արցախի մէջ, յատկապէս կրթութեան մարզին մէջ` ատիկա նկատելով կարեւոր եւ պահանջուած Արցախի ժողովուրդին համար:
Հանդիպման կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան:
CATEGORIES Հայկական

